ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մoտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին 24 Դեկտեմբերին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն՝ զանոնք նկատելով բաւական աշխոյժ՝ զանազան ոլորտներու մէջ եւ քաղաքական հարթակներու վրայ։
«Այս տարին ուշադրութիւն գրաւեց Ռուսիոյ բարձր պաշտօնեաներու Հայաստան այցելութեամբ: Ինչպէս գիտէք, Հայաստան եկան Ռուսիոյ նախագահը, վարչապետը, պաշտպանութեան նախարարը եւ այլն: Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ երկու երկիրները քննարկելիք շատ հարցեր ունին, մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան տարբեր ոլորտներու մէջ: Մեզ կը միաւորեն ընդհանուր շահերը, եւ, ամէնէն կարեւորը, անիկա կ՛արտացոլէ երկու կողմերուն քաղաքական կամքը՝ ոչ միայն պահպանելու եղած կապերը, այլ բարձրացնելու համագործակցութեան մակարդակը», նշեց դեսպանը:
Սերգէյ Քոփիրքին առանձնացուց երկու երկիրներուն աշխոյժ փոխգործակցութիւնը համարկման հարթակներու վրայ՝ ԵԱՏՄ, ՀԱՊԿ եւ այլն: Ան ընդգծեց, որ Ռուսիան շատ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի նախագահութիւնը ԵԱՏՄի մէջ: Լուրջ քայլերու ձեռնարկուած են ԵԱՏՄի միջազգային հեղինակութեան բարձրացման, նոր կապերու ձեւաւորման ուղղութեամբ: Ան նաեւ խօսեցաւ միջազգային հարթակներու վրայ ողջունելի փոխգործակցութեան մասին, ինչպէս՝ ՄԱԿի, Եւրոպայի խորհուրդին մէջ եւ այլն: «Կարեւոր սկզբունքային հարցերու քուէարկութեան արդիւնքները կը վկայեն այն մասին, որ Հայաստան մեզի համար կը մնայ առանցքային, վստահելի գործընկեր, որուն վրայ կարելի է յոյս դնել դժուար իրավիճակներու մէջ», նշեց դեսպանը:
Ըստ անոր՝ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ ա-ռանցքային ուղղութիւններէն է անվտանգութիւնը: «Ընթացիկ տարուան շարք մը քայլերու ձեռնարկուած են Գիւմրիի մէջ տեղակայուած 102րդ ռազմական խարիսխի մարտական պատրաստուածութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ: Այստեղ լուրջ արդիւնքներ պէտք է արձանագրենք: Ունինք խարիսխը կրկնապատկելու եւ ներուժին թիւը բարձրացնելու ծրագիր», տեղեկացուց ան՝ աւելցնելով, որ նախատեսուած է խարիսխի ենթակառոյցներու զարգացման համար կարեւոր աշխատանքի ձեռնարկել։
2019 յաջողութեամբ զարգացած են նաեւ Հայաստանի ու Ռուսիոյ յարաբերութիւնները սպառազինութեան ոլորտին մէջ: Դեսպանը չուզեց մեկնաբանել այն տեսակէտը, որ կը վերաբերի «Սու-57» կործանիչներուն շուրջ ռուս-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն։
Դեսպանը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ եւ ռուս մասնագէտներու համագործակցութեան։
Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի ներքին կեանքին մասին՝ դիտել տալով, որ Ռուսիոյ պետութիւնը եւ գործարարները ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ կատարուող դէպքերուն, երկրի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող փոփոխութիւններուն, ռազմավարութիւններուն՝ տնտեսական, ընկերային, մարդասիրական ու այլ ոլորտներու մէջ: «Բնականաբար, այս հարցերուն մէջ գործընկերներու ընտրութիւնը, որոնց կարգին նաեւ արտաքին գործընկերներու ու խորհրդականներու, Հայաստանի գերիշխան գործն է, բայց մեզի համար շատ կարեւոր է, որ այդ փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան երկրին ներսը այն ոլորտներուն մէջ, որոնք ուղղակի կապ ունին մեր սերտ յարաբերութիւններուն, չստեղծեն վտանգաւոր ճեղք կատարուածին եւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցողին միջեւ», դիտել տուաւ դեսպանը:
Դեսպանը կարեւոր նկատեց նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ համագործակցութիւնը, որ այս տարի շատ լաւ զարգացում ունեցած է, եւ արդէն կան ապագայի ծրագիրներ յաջորդ տարուան համար:
Դեսպանը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Ռուսիա շատ ուշադիր է եւ հետաքրքրուած, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կը լուծէ երկրին դիմաց ծառացած հարցերը, եւ յաջողութիւն մաղթեց՝ շեշտելով, որ իրենք միշտ պատրաստ են աջակցելու:
Սերգէյ Քոփիրքին յայտնեց, որ «յառաջիկայ տարին կարեւոր է մեր երկիրներուն համար, որովհետեւ պիտի նշուի Մեծ Հայրենական պատերազմի յաղթանակի 75ամեակը՝ աւելցնելով, թէ կարեւոր է, որ հաստատուի Հայաստանի վարչապետին մասնակցութիւնը 9 Մայիսին տեղի ունե-նալիք նախաձեռնութեան։
Խօսելով Արցախի տագնապին մասին՝ Ռուսիոյ դեսպանը նշեց, որ անոր լուծումը կը շարունակէ մնալ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն։ «Ռուսիան միջնորդ է, որ կը փորձէ նպաստել արցախեան տագնապին քաղաքական ճամբով հանգուցալուծման՝ կողմերուն համար ընդունելի տարբերակներու հիման վրայ: Յառաջիկային եւս յառաջ կ՛ընթանանք նոյն մօտեցումով», ըսաւ ան։