– Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պնդեց, որ աւելի քան 80,000 գաղթականներ Իտլիպէն դէպի Թուրքիա կը փախչին, ազդարարելով. «Այս իրավիճակին մէջ Թուրքիա առանձնաբար պիտի չդիմակայէ գաղթականներու նոր ալիքը, եւ մեր դիմագրաւած ճնշումին ժխտական ազդեցութիւնը նաեւ պիտի զգան եւրոպական բոլոր պետութիւնները, սկսելով Յունաստանէն»:
– Ռուսիոյ սպայակոյտի նախագահ զօր. Վալերի Կերասիմով մտահոգիչ համարեց ՆԱԹՕի զինուորական աշխոյժ գործունէութիւնները Պալթեան երկիրներու, Լեհաստանի ու Սեւ ծովու տարածքին մէջ, ազդարարելով, որ նման քայլեր համաշխարհային Գ. պատերազմի մը պատրաստութիւնը կրնան ըլլալ։ Կերասիմով ըսաւ, որ Մոսկուայի կողմէ երկրին ապահովութեան համար առնուած ամէն քայլ եւս Արեւմուտքի մէջ կը մեկնաբանուի իբրեւ պատերազմի պատրաստութիւն։
– Նախագահ Էրտողան վերջին 8 տարիներուն ընթացքին 36 անգամ դատ բացած է Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի դէմ։ Դատերուն համար գլխաւորաբար հիմք ծառայած են Քըլըճտարօղլուի ելոյթները։ 36 դատերէն 15ը կը շարունակուի, իսկ 21 դատերու վճիռները արդէն արձակուած են եւ ընդհանուր առմամբ Քըլըճտարօղլու 3400 տոլարի վնասուց հատուցում վճարած է Էրտողանին։ Այս դատավճիռներէն 3ին վերաբերեալ Քըլըճտարօղլու բողոք ներկայացուցած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին։
– Ամերիկացիներուն մէկ երրորդը կ՛ընդունի, որ «երբեք պիտի չզարմանայ», եթէ Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնական խմբաւորումի մը «ցեղասպանութիւն»ը տեղի ունենայ։