ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը հրատարակած է պոլսահայ յայտնի տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի հետ հարցազրոյց մը։ Աճէմօղլու Պոլիս եկած էր, որպէսզի ծանօթացնէ իր «Նեղ Միջանցք» գիրքը։ Ան նաեւ մասնակցեցաւ «Արամեան» սանուց միութեան կազմակերպած հաւաքին։
Տնտեսագէտը հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Թուրքիոյ տնտեսական վիճակին մասին ու ըսաւ, որ Թուրքիա կարգ մը մարզերու մէջ կը յառաջդիմէ, բայց կարգ մը մարզերու մէջ ալ նահանջ կ՛արձանագրէ։ «Պէտք է ընդունիլ, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը աճ արձանագրած է, սակայն այն ճիշդ ուղղութեան վրայ չէ, Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին պատճառով։ Մտահոգիչ է նաեւ, որ արդիւնաբերութիւնը տկարացած է», ըսաւ Աճէմօղլու։