ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Ֆլօ» կօշիկի ցանցի մասնաճիւղերէն մէկը բացուած էր հիւսիսային Իրաքի քրտաբնակ Էրպիլ քաղաքին մէջ։ Բայց այդ մասնաճիւղը վերջերս փակուեցաւ՝ կրօնական արժէքները անարգելու եւ նուաստացնելու մեղադրանքով։
Արդարեւ, ի յայտ եկած է, որ կանացի կօշիկներէն մէկուն տակ խաչի պատկեր մը դրոշմուած էր, եւ ասիկա քրիստոնէական արժէքները անարգելու եւ վիրաւորելու շարժում նկատուած է։ Այս պատճառաբանութեամբ ու Էրպիլի կուսակալութեան որոշումով մասնաճիւղը ստիպուեցաւ փակել իր դռները։ Էրպիլի Մարդկային իրաւունքներու բարձրագոյն յանձնախումբի նախագահ Զիա Փեթրոս պատմեց, որ բողոքները ստուգելու նպատակով «Ֆլօ» վաճառատուն գացած էին ու տեսած էին, որ ճիշդ էին գանգատները։ Փեթրոսի համաձայն, երկար տարիներէ ի վեր քրիստոնեաներ ու իսլամներ առանց որեւէ հարց ունենալու, հաշտ ու խաղաղ կ՛ապրին Էրպիլի մէջ, այս դէպքը անարգանք է, եւ հասարակութիւնն է, որ թիրախ առնուած է, հետեւաբար անպայման առաջքը պէտք էր առնուէր այսպիսի դէպքերու։
Նշենք, որ այդ կօշիկներուն տակ պատկերուած խաչի նշանը նման է Հայց. առաքելական եկեղեցիի ծաղկած խաչին:
«Ֆլօ»ի առաջին խանութը բացուած է Այնթապի (Կազիանթէպ) մէջ, 1955ին։ Ներկայիս «Ֆլօ»ի աւելի քան 600 մասնաճիւղեր կը գործեն Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ։