ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն, երբ Քոնկրեսի երկու տուները, մէկը՝ ճնշող մեծամասնութեամբ, միւսը՝ միաձայնութեամբ, ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւերը, շատեր յոյս ունէին, որ այս քայլը կը յանգի այն բանին, որ Թրամփ եւս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր 24 Ապրիլ 2020ի պատգամին մէջ, թէեւ պարտաւոր չէ այդ մէկը ընելու: Ի վերջոյ, ընդհանուր առմամբ Քոնկրեսի երկու տուներուն 505 անդամները աջակցած էին երկու բանաձեւերուն. քուէարկողներէն միայն 11ը դէմ եղած էին, այսինքն՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առաւել քան 94 տոկոսը կողմ քուէարկած էր:
Սակայն, Թրամփ հիասթափեցուց աշխարհի ճնշող մեծամասնութիւնը, բացառութեամբ թուրք եւ ատրպէյճանցի ժխտողականները, երբ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարութեան խօսնակ Մորկըն Օրթակուս յայտարարեց, որ «վարչակազմին դիրքորոշումը չէ փոխուած: Մեր տեսակէտները այս հարցին մասին արտացոլուած են անցեալ տարուան Ապրիլին, նախագահին վերջնական յայտարարութեան մէջ»:
Այս երկու բանաձեւերը անտեսող արտաքին գործոց նախարութեան յայտարարութիւնը կատարուեցաւ այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սպառնաց վռնտել ամերիկեան զօրքերը Թուրքիա գտնուող օդակայանի երկու խարիսխներէն եւ խնդրեց Թուրքիոյ խորհրդարանէն բանաձեւ ընդունիլ՝ բնիկ ամերիկացիներու սպաննութիւնները ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Թրամփ չէ օգտագործած «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը՝ 1915ին, Օսմանյան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու կանխամտածուած զանգուածային սպաննութիւնները յիշատակելու ատեն: Թրամփ այսպիսով հետեւած է իր նախադներուն՝ նախագահներ Օպամային, Պուշ Կրտսերին, Պիլ Քլինթընին եւ Պուշ Աւագին, որոնք բոլորն ալ հրաժարած էին հայկական զանգուածային սպաննութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելէ: Միակ բացառութիւնը եղած է Ռանըլտ Ռէյկըն, որ 22 Ապրիլ 1981ին նախագահական հռչակագիր հրապարակեց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու սպաննութիւնները յիշատակելով՝ իբրեւ ցեղասպանութիւն:
2019ի ապրիլքսանչորսեան իր ուղերձին մէջ Թրամփ օգտագործած է տարբեր մեղմասացութիւններ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» յիշատակելու համար, առանց օգտագործելու այդ եզրը. «1915ին սկսած՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին, մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացին տեղահանութիւններուն, կոտորածներուն եւ մահուան երթերուն»: Թրամփ աւելցուց՝ ըսելով. «Մենք կ՛ողջունենք հայերու եւ թուրքերու ջանքերը՝ ճանչնալու եւ նկատի առնելու իրենց ցաւալի պատմութիւնը»: Աւելին, Թրամփ գործածեց «Մեծ Եղեռն» եզրը՝ խուսափելով «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը արտասանելէ: Թրամփ պարզապէս պատճէնահանեց նոյն եզրը, զոր օգտագործած էր նախագահ Օպամա: Ցաւօք, Թրամփ, որ յաճախ կը մերժէ Օպամայի քաղաքականութիւնը, որոշած էր հետեւիլ իր նախորդին՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու մերժումի քայլին:
Թրամփի կողմնակիցները բարկացուցած էր այն հանգամանքը, որ քանի մը թերթեր անուանապէս անդրադարձած էին նախագահ Թրամփի՝ իբրեւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը մերժողի երեւոյթին: Թէեւ Թրամփ այս հարցին վերաբերեալ անձնական յայտարարութիւն չէր ըրած, սակայն արտաքին գործոց նախարութիւնը, իբրեւ Թրամփի վարչակազմի մաս, նման յայտարարութիւն չէր ըներ առանց իր «մեծ շեֆ»ին հաւանութեան: Աւելին, արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը ի՛նք անձամբ յղում կատարած էր Թրամփի՝ անցեալ տարուան ապրիլեան պատգամին: Թրամփի օգտին միակ բանը այն է, որ ան քարոզչական խոստում չէ տուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին՝ ի տարբերութիւն իր չորս նախորդներուն: Թէեւ ան պարտաւորութիւն չունի պահելու չտուած նախընտրական խոստումը, սակայն ան պէտք չէ փակէր բերանը Անգարայի բռնապետին ճնշումով եւ հետապնդէր իր նիւթական անձնական շահերը, ինչպէս յայտարարած է Ազգային ապահովութեան նախկին խորհրդական Ճան Պոլթըն:
Թէեւ 24 Ապրիլ 2020ը տակաւին պիտի գայ, սակայն նկատի ունենալով Թրամփի անկանխատեսելի բնաւորութիւնը, կարելի չէ վստահ ըլլալ, որ ան այդ պահուն կ՛օգտագործէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը. անձամբ՝ ես, ոչ մէկ ակնկալիք ունիմ, որ ան կ՛առերեսուի ճշմարտութեան հետ եւ կը հրաժարի իր անձնական շահերէն:
Անցեալ շաբաթ պատահեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ Թրամփի վերընտրութեան հեռանկարներուն վրայ: 19 Դեկտեմբեր 2019ին, «Քրիստոնէութիւնն Այսօր» (Christianity Today) ազդեցիկ աւետարանական ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Մարք Կալի խմբագրական մը գրեց՝ «Թրամփ Պէտք Է Հեռացուի Պաշտօնէն» վերնագիրով: «Քրիստոնէութիւնն Այսօր» ամսագիրին հիմնադիրը յայտնի պատուելի Պիլի Կրեհեմն է: Ասիկա կարեւոր խմբագրական է, նկատի ունենալով այն փաստը, որ սպիտակամորթ աւետարանականներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը սատարէ նախագահ Թրամփին:
Ահա թէ ինչպէ՛ս նշեալ խմբագրականին մէջ կ՛արդարացուի նախագահ Թրամփին՝ պաշտօնէն հեռացումը.
- «Նախագահ Թրամփի փորձը՝ հարկադրելու Ուքրանիոյ առաջնորդին, որ հետաքննէ իր քաղաքական հակառակորդին (Ճօ Պայտընի)՝ «ոչ միայն Սահմանադրութեան խախտում է, այլեւ աւելի կարեւոր՝ խորապէս անբարոյական է:
- «Այս նախագահը վարկաբեկած է բարոյականութեան գաղափարը իր կառավարութեան մէջ: Ան վարձած է եւ աշխատանքէ արձակած է շարք մը մարդիկ, որոնք այժմ դատապարտուած յանցագործներ են: Ան անձամբ խոստովանած է գործարքային անբարոյ գործողութիւններու եւ կիներու հետ ունեցած յարաբերութիւններու մասին, որոնցմով ան կը շարունակէ հպարտանալ: Միայն անոր «Թուիթըր»ի էջը՝ իր խեղաթիւրումներուն, սուտերուն եւ զրպարտանքներուն սովորական տողերով, գրեթէ կատարեալ օրինակ է այն մարդուն մասին, որ բարոյապէս կորած եւ շեղած է:
- «Մենք կը կարծենք, որ պաշտօնազրկման լսումները բացարձակապէս պարզ դարձուցած են, բան մը, որ չէ կատարուած Միւլըրի գործով հետաքննութեամբ, որ Թրամփ չարաշահած է իր լիազօրութիւնները անձնական շահերուն համար եւ դաւաճանած է իր սահմանադրական երդումին: Պաշտօնազրկման լսումները լուսաբանեցին նախագահին բարոյական թերութիւնները բոլորին համար: Ասիկա կը վնասէ նախագահութեան հիմնարկութեան, կը վնասէ մեր երկրի հեղինակութեան, նաեւ վնաս կը հասցնէ մեր ժողովուրդի ոգիին եւ ապագային: Նախագահի դրական կողմերէն ոչ մէկը կրնայ հաւասարակշռել այն բարոյական եւ քաղաքական վտանգը, որուն կը բախինք մենք, այսպիսի կոպիտ, անբարոյ բնաւորութեան տէր առաջնորդի մը ղեկավարութեամբ:
- «Արդեօք Թրամփ պաշտօնէն կը հեռացուի՞ Ծերակոյտին կողմէ, թէ յաջորդ ընտրութեան համաժողովրդական քուէարկութեամբ, այդ խելամիտ դատողութեան հարց է: Այն, որ Թրամփ պէտք է հեռացուի, կը կարծենք, որ ոչ թէ կուսակցական հաւատարմութեան, այլ Արարիչի տասը պատուիրաններուն նկատմամբ հաւատարմութեան հարց է:
- «Հին ասացուածք մը օգտագործելով՝ «ժամանակն է իրերը կոչել իրենց անուններով», ըսել, որ անկախ այն բանէն, թէ քանի՞ ձեռք կը շահինք քաղաքական այս «փոքեր»ային խաղին մէջ, մենք կը խաղանք կոպիտ անբարոյականութեամբ եւ բարոյական անկարողութեամբ շարուած խաղաքարտերով: Եւ երբ կը մտածենք, որ ժամանակն է մեր բոլոր խաղանիշերը հրելու սեղանին կեդրոնը, նոյն՝ այդ ատեն է, որ ամբողջ խաղը պիտի փլուզուի: Անիկա կը փլուզուի աւետարանական կրօնի հեղինակութեան եւ աւետարանի աշխարհընկալման վրայ: Անիկա կը փլուզուի նաեւ տղամարդոց եւ կիներու պետութեան վրայ, որոնց բարեկեցութիւնը եւս մեր հարցն է»:
Ամերիկահայերը եւ անոնց համախոհները պէտք է շարունակեն այպանել բոլոր անոնք, որոնք չեն ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սկսեալ նախագահ Թրամփէն, արտաքին գործոց նախա-րար Մայք Փոմփէոյէն մինչեւ Ներկայացուցիչներու տան 11 այն հանրապետական անդամները, որոնք 29 Հոկտեմբեր, 2019ին դէմ քուէարկեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Անոնք են՝ Կրեկ Փենս, Լերի Պուքշըն, Ճէյմզ Պըրտ եւ Սիւզըն Պրուքս՝ Ինտիանա նահանգէն, Մայք Ռաճըրզ՝ Ալապամայէն, Էնտի Հէրիս՝ Մերիլենտէն, Վիրճինիա Ֆոքս եւ Մարք Մետըս՝ Հիւսիսային Քարոլայնայէն, Թամ Քոլ՝ Օքլահոմայէն եւ Մաք Թորնպըրի ու Քեւըն Պրէյտի՝ Թեքսասէն:
Յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ոչ մէկ ամերիկահայ պէտք է քուէարկէ նախագահ Թրամփին եւ ոչ ալ Քոնկրեսի նշեալ 11 հանրապետական անդամներու օգտին, որոնք դէմ քուէարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ