ՆԱՅԻՐԻ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
7 Դեկտեմբեր 1988ի Սպիտակի երկրարաշարժին 31րդ տարելիցին առիթով, անցեալ շաբաթ, խումբ մը «Ֆերահեան»ի աշակերտներ դրամահաւաք մը կազմակերպեցին: Հաւաքուած դրամը պիտի ուղղուի «Փարոս» հաստատութեան՝ Groceries for Gyumri նշանաբանով ձեռնարկին: Այս հաստատութիւնը հաւաքուած իւրաքանչիւր 30 տոլար կը յատկացնէ ամէնօրեայ նպարեղէն հայթայթելու Գիւմրիի մէջ բնակող ընտանիքի մը: Ֆերահեանի National Honor Society-ի մասնաճիւղին անդամները ծրագրած էին դրամահաւաքը՝ դպրոցի ծնողներուն եւ աշակերտներուն սուրճ եւ անուշեղէններ ծախելով:
Առտու կանուխ, դպրոցական օրը սկսելէ առաջ, National Honor Society-ի անդամները հաւաքուեցան եւ պատրաստուեցան դրամահաւաքին աշխատանքներուն: Անոնք մօտեցան բոլոր ծնողներուն եւ աշակերտներուն, սուրճ եւ անուշեղէն հրամցնելով՝ նուիրատուութիւններ հաւաքեցին:
Աշակերտները մօտեցան իրենց երեխաները դպրոց հասցուցած ծնողներուն եւ առաջարկեցին անուշեղէն ու սուրճ: Անուշեղէնը եւ սուրճը իրենց ձեռքին՝ աշակերտները հիմնադրամին պատգամը փոխանցելով եւ իրենց ազնիւ նպատակը բացատրելով, անոնցմէ նուիրատուութիւններ ստացան: Մեր նուիրող ծնողները սիրով պզտիկ գումարներով օժանդակեցին այս բարի նպատակին:
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ հաւաքուեցաւ 1183 տոլար: Այս գումարով մօտաւորապէս 40 ընտանիքner պիտի ստանան անհրաժեշտ նպարեղէն:
Նպարեղէնով լեցուն տոպրակները պիտի հասնին Գիւմրիի ընտանիքներուն, որոնք աղէտէն 31 տարիներ ետք տակաւին դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին: Իւրաքանչիւր տոպրակ կը պարունակէ՝ բրինձ, շաքար, աղ, ալիւր, իւղ, եւ այլ ապրանքներ: Նաեւ ընտանիքները պիտի ստանան թարմ պտուղներ, բանջարեղէն, կաթնեղէն եւ միս:
Այս դրամահաքին յաջողութենէն քաջալերուած՝ «National Honor Society»ի Ֆերահեանի մասնաճիւղը պիտի ջանայ ապագային եւս կազմակերպել այսպիսի դրամահաւաքներ, յաւելեալ օգնութիւն հասցնելու համար կարիքաւոր ընտանիքներուն: