ՖԱՈՒԼԸՐ, Քալիֆորնիա.- Ֆաուլըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին հաճելի հանդէս մը ներկայացուցին իրենց ծնողներուն եւ համայնքի անդամներուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով։ Անոնք տօնական այս օրերուն նուիրուած իրենց երգերով եւ արտասանութիւններով, ինչպէս նաեւ Յիսուսի ծնունդին նուիրուած ներկայացումով ճոխացուցին եկեղեցին, արժանանալով ներկաներուն ջերմ ծափահարութիւններուն։
Ներկայ էր նաեւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան, որ դրուատեց կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ տարուող աշխատանքը, որ քրիստոնեայ ինքնութիւնը կը դրօշմէ նոր սերունդին մէջ։