ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2019ի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերու Ընդհանուր հրամանատար զօր. Արտակ Դաւթեան յայտնեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը վերջին ամիսներուն ընթացքին մեծ աշխատանք կատարած են յենակէտերու ամրապնդման, ուղիներու ցանցերու լայնացման ու զարգացման ուղղութեամբ, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ կրճատելու ժամանակը զօրքերու տեղաշարժի համար:
«Առանձին տեղերում տեղաշարժերի արդիւնքում ունեցանք յենակէտերի օպտիմալացում (կատարելագործում-Խմբ.), որի շնորհիւ որոշակի յենակէտերի զինծառայողներ ծառայութիւնը կազմակերպում են մէկ կէտից՝ աւելի մեծ ուժերով», յայտնեց Դաւթեան:
Ան տեղեկացուց, որ Նախիջեւանի ուղղութեամբ Հայաստանի զինուած ուժերը նախորդ տարի ունեցան սպառազինութեան, ռազմական համակարգի որոշ նմոյշներու յաւելում: «Սա մեզ թոյլ է տալիս ասել, որ այս ուղղութեամբ մարտական յենակէտերի համակարգում մենք վատացում չենք ունեցել, ունեցել ենք որոշակի բարելաւում, որը մարտավարական բնոյթ է կրել», յայտնեց հրամանատարը։
Ան աւելցուց, որ, թէեւ Ատրպէյճան մեծ ջանքեր կը թափէ Թուրքիոյ հետ, որպէսզի ուժեղացնէ Նախիջեւանի համազօրային բանակը, բայց եւ այնպէս հայկական կողմը համապատասխան միջոցառումներու կը ձեռնարկէ՝ թոյլ չտալու հակառակորդին Նախիջեւանի կողմէ ունենալու սպառազինութեան գերակայութիւն:
Զօր. Արտակ Դաւթեան յայտնեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը պիտի շարունակեն սպառազինութիւն ձեռք բերել ռուսական ORSIS զինագործական ընկերութենէն։
«Սպառազինութեան մատակարարումների հետ կապուած աւելի քան 80 համաձայնագիր կայ, որոնց մի մասը երկարաժամկէտ է: Գլխաւոր շտաբի ծրագրերում փոփոխութիւններ չկան, եւ յաջորդ տարի եւս նախատեսուած են գնումներ ORSIS-ից: Գնուած սպառազինութիւնը մեզ մօտ է: Մնացած հարցերն իմ լիազօրութիւններից դուրս են», նշեց Դաւթեան եւ աւելցուց, որ պայմանագիրներուն հիմնական մասը կնքուած է իշխանափոխութենէն ետք։
Խօսելով սպառազինութեան մատակարարման մասին՝ բանակին հրամանատարը շեշտեց, որ կործանիչներու մատակարարումներու մասին պայմանագիրը կնքուած է իշխանափոխութենէն ետք: Անդրադառնալով «ՏՈՐ» հակաօդային պաշտպանութեան զենիթահրթիռային համալիրի ձեռք բերման՝ Դաւթեան շեշտեց, որ անիկա թէ՛ նախկին, թէ՛ նոր իշխանութիւններուն աշխատանքին արդիւնքն է՝ աւելցնելով, որ որոշումը կար, սակայն սառեցուած էր:
Անդրադառնալով «Ս-400»ներու գնման կարելիութիւններուն՝ զօր. Արտակ Դաւթեան ըսաւ, որ ներկայիս այդ հարցը չի քննարկուիր։ «Հեռահար սպառազինութեան այլ տեսակների գնմանը ուղղուած որոշակի քայլեր նախաձեռնուել են, բայց համաձայնագրեր առայժմ չեն կնքուել։ Նախատեսում ենք, որ 2022-23 թուականներին սպառազինութիւնը կը լինի Հայաստանում», տեղեկացուց զօրավարը։