ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Կաղանդի նուիրուած այս թիւով «Ասպարէզ» ընթերցողին կը հրամցնէ գրական երեք կտորներ, որոնց առանցքը կը հանդիսանայ Կաղանդի ծառը: Հայրենի բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Եղեւնին», «Ամանոր 95, 96, 97…», Վեհանոյշ Թեքեանի «Կաղանդի ծառը» եւ Մարուշ Երամեանի «Կաղանդի պատմութիւնը» կը խօսին կեանքին, բնութեան, մարդ արարածին եւ մարդկային ընկերութեան առնչուող հարցերու մասին: Տարբեր միջավայրերու մէջ ծնած ու ապրած այս գրագէտները բնականաբար իրարմէ կը տարբերին իրենց ոճով եւ լեզուով, բայց ուշադիր ընթերցողին կրնան ներկայանալ զիրենք իրարու միացնող իրենց ճիւղերով: Կաղանդի ծառը կարծես ըլլայ խաչմերուկի պէս բան մը, ուր իրարու կը հանդիպին մարդկային հարուստ հոգիներ ու խորունկ մտածումներ:
Յ. Գրիգորեանի համար եղեւինը խորհրդանիշն է կեանքին, որ ունի ուրախ եւ տխուր պահեր եւ կը յայտնուի միայն մէ՛կ անգամ. մէ՛կ կեանք ունինք մենք՝ մարդիկս, ինչպէս ծառը, որ անտառին մէջ կ՛աճի, բայց կը բաժնուի անկէ, մեր տուները զարդարելու համար:
Վ. Թեքեան կ՛ըսէ՝ «չհարցուցինք իրեն՝ կ՛ուզէ՞ր պոկուիլ իր հողէն» ու քիչ մը անդին քմծիծաղով կ՛աւելցնէ՝ «գոհ են չափահասները, ի վերջոյ փրկեր են Ծառը օզոնի թոյնէն»… Բնապահպանման առաջադրանքներով բնորոշուող այս ժամանակաշրջանին, Թեքեանի վերոյիշեալ տողերը այժմէական են եւ հատո՛ւ, ինչպէս Յ. Գրիգորեանին այն տողը, որ կ՛ըսէ. «Եղեւնին… իր ծննդեան օրն է յիշում հիմա, հեռու ու հեռաւոր անտառում»:
Մարուշ Երամեանի պատմուածքին մէջ սակայն, ծառը չի հատուիր. կը մնայ հոն, ուր է՝ փողոցին մէջ, տուներուն առջեւ, եւ կը զարդարուի առանց բաժնուած ըլլալու իր հողէն։ Ահա՛ գաղափար մը, որ թերեւս կարելի ըլլայ զարգացնել յառաջիկային, լուծումներ գտնելու համար բնութիւնը վտանգող ծառահատման խնդիրին: Եթէ օր մը այդ լուծումը որդեգրուի, Կաղանդէն ետք չենք ունենար Թեքեանի բառերով նկարագրուած, փողոց նետուած ծառը. «Անցած է ժամը. ա՛լ աւարտեր է կախարդանքը եւ պաշտօնը անթերի կատարած Ծառը շպրտուեր է դո՛ւրս, իր նախնիներուն նման»:
Լուծումը գտնողները մե՛նք պիտի ըլլանք, մե՛նք՝ մարդիկս, եւ մեր արարքը պիտի նմանի Մ. Երամեանի գրողական արարքին: Արդարեւ, Երամեան, իր «Կաղանդի պատմութիւն» կտորով ցոյց կու տայ, թէ գրողէն կախեալ է պատմութեան ընթացքը, իրարու յաջորդող դէպքերու ազդեցութիւնը պատմուածքի հերոսին վրայ: Գրողը ամենակարող է եւ գրիչի իր շարժումով կը նմանի այն կախարդին կամ պարիկին, որ ճիպոտի մէկ հարուածով՝ մահ եւ աւեր, կամ հակառակը՝ կեանք ու հրաշք կը բերէ:
Յ. Գրիգորեանի «Ամանորը» կը խօսի Հայաստանի բնակչութեան համար դժուար տարիներու մասին, երբ խաւարն ու ցուրտը կը տիրէին, եւ «մուրացկաններ փոքրիկ եւ ստահակներ մեծ» կը վխտային Երեւանի փողոցներուն մէջ:
Երամեանի պատմուածքին մէջ յղումներ կան Ափրիկէի սովահար երեխաներուն, Չեչենիոյ ցրտահար մանուկներուն կամ Քոսովոյի մորթուած տղոց: Յստակ է, որ գրագիտուհիին սիրտը կը թրթռայ ընկերային անարդարութիւններու եւ պատերազմներու պատճառած արհաւիրքով: Ան պիտի ուզէր Շուշիի տուներուն առջեւ եղեւիններ տնկել՝ «լոյսերով, շագանակներով, չիր ու չամիչով» զարդարուած:
Թեքեան եւս կ՛անդրադառնայ արդարութեան անհրաժեշտութեան աշխարհի մը մէջ, ուր կայ «երկու տուփ կեղծիք, տուփ մը ժողովրդավարութիւն, չորս տուփ բռնատիրութիւն», բայց կ՛ըսէ, թէ արդարութիւնը չի՛ դարմաներ անձկութիւնն ու հոգեկան վէրքերը:
Այս բոլորով հանդերձ, երեք գրագէտներն ալ յոյսի պատուհան մը բաց ձգելու չեն մոռնար եւ կը յորդորեն մեզի զարդարե՛լ եղեւինները. «Դուք չմոռնա՛ք կախել ճիւղերից Խաղալիքները հին՝ Յոյսը, հաւատը ու սէրը Կրկին», կը յիշեցնէ Յ. Գրիգորեան. Վ. Թեքեանի եղեւինը, որուն պատրաստութեան եղանակը բանաստեղծութի՛ւնն իսկ է, «ամէն շիւղին՝ կապոյտ յուռութք, նարնջահոս մեղեդիներ» կախեր է, մինչ Մ. Երամեան մեզի կը նուիրէ իր պատմութիւնը. «Ձերն է ան, ինչպէս ձերն են ձեր լաւագոյն երազները եւ գեղեցկագոյն ցանկութիւնները: Պարզապէս պէտք է հաւատալ անոնց, ինչպէս ես կը հաւատամ Կաղանդի հեքիաթին»:
Ընթերցողներուն կը մնայ պտըտիլ այս երեք արժէքաւոր հեղինակներու պուրակներուն մէջ եւ պարուրուիլ անոնց ծառերէն հասնող լոյսով:
Բարի ըմբոշխնում եւ բարի Կաղանդ:
Wishing Everyone the Best of Health during the Holidays and Beyond
From DIGNITY MEMORIAL Management and Employees of ETERNAL
VALLEY MEMORIAL PARK’s “The Garden of Sardarabad”
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ
Sahag Tateosian
Pre-Planning Advisor
(818) 248-2069
Serving all Greater Los Angeles Market