Անցնող շաբաթավերջին, մօտաւորապէս 200 գերիներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Քիեւի եւ Ռուսիոյ հակակշիռին տակ գտնուող Տոնպասի միջեւ: Փոխանակումը տեղի ունեցաւ Տոնեցքի Կորլովքա քաղաքին մէջ: Կը նշուի, թէ ասիկա վերջին երկու տարիներուն ընթացքին փոխանակման առաջին դէպքն է: Անիկա արդիւնքն էր 9 Դեկտեմբերին, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջոնորդութեամբ տեղի ունեցած Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն միջեւ բանակցութիւններուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.