ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Իրաքեան «Հաշտ Շաապի»ի (ժողովրդային զօրախումբ) դիրքերուն վրայ ամերիկեան յարձակումը «ահաբեկչութեան յստակ օրինակ է եւ խստօրէն դատապարտելի», 30 Դեկտեմբերին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ապպաս Մուսաւի՝ մեկնաբանելով մէկ օր առաջ, Սուրիոյ սահմանին մօտերը տեղի ունեցած ամերիկան օդային ուժերուն յարձակումը: Պաղտատ եւս դատապարտեց յարձակումը, մինչ ամերիկեան աղբիւրներ պնդեցին, որ յարձակումը հակադարձութիւն մըն էր Իրաքի մէջ ամերիկեան դիրքերու վրայ վերջերս կատարուած յարձակումներուն։ Նշենք, որ ընդհանրապէս շիիներէ բաղկացած այդ կազմակերպութիւնը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ դրած խմբակներէն մէկն է։ «Ամերիկան այս յարձակումները վերահաստատեցին «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին վերաբերեալ Ամերիկայի պնդումներուն սուտ ըլլալը: Ամերիկա դարձեալ թիրախ դարձուց այն ուժերը, որոնք վերջին տարիներուն ծանր հարուածներ հասցուցաած են իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներուն», աւելցուց Մուսաւի՝ դատապարտելով նաեւ այլ երկիրներու ինքնիշխանութեան անտեսումը Ուաշինկթընի կողմէ։
Իրաքի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին հետեւանքով սպաննուած են 25 զինեալներ։
Միւս կողմէ, 30 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի անոր պաշտօնակից Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆի միջեւ։
Զարիֆ յայտարարեց, թէ, ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու, Իրան եւ Ռուսիա տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան կը ձգտին, միեւնոյն ժամանակ դրուատելով Իրան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը՝ աւելցներլով, որ յարաբերութիւնները «թերեւս իրենց լաւագոյն պատմական վիճակին մէջ կը գտնուին ներկայիս»։
Լաւրով իր կարգին ըսաւ, թէ շատ լաւ կը գիտակցի, որ արեւմտեան պետութիւնները կը փորձեն արհեստական լարուածութիւն ստեղծել տարածաշրջանին մէջ: