ՊՈԼԻՍ.- Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել 2020ի Յունուարին կրնայ Թուրքիա այցելել՝ քննարկելու համար յատկապէս Սուրիոյ վերջին զարգացումները, սուրիացի փախստականներու հարցը եւ Անգարայի կողմէ Լիպիա զօրք ուղարկելու ծրագիրը։ Գերմանական աղբիւրներ կը նշեն, որ Մերքել անհանգիստ է Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ 2016ին ստորագրուած գաղթականներու մասին համաձայնագիրի ապագայէն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ սահմանին եւ յունական կղզիներու մէջ սուրիացի գաղթականներու նոր հոսքէն։
Յիշեցնենք, որ նախագահ Էրտողան տակաւին քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգնին մէջ բախումներուն հետեւանքով 80,000 սուրիացի նոր գաղթականներ Թուրքիա կրնան մուտ գործել՝ ազդարարելով, որ Թուրքիա չի փափաքիր առանձնաբար կրել այդ «բեռը»։