Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ նորատիպ «Կոմիտաս-150» երկլեզու գիրքին ներկայացումը Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին մէջ:
«Կոմիտաս-150»ը Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութիւնն է, որ կ՛ընդգրկէ հայ երաժշտութեան հօր մասին յօդուածներու, նամակներու եւ յուշերու կոկիկ հաւաքածոյ մը՝ հայերէնով եւ անգլերէնով: Այս նիւթերը մեծ մասամբ առաջին անգամն է, որ կ՛ամփոփուին գիրքի մը մէջ եւ անգլերէնով:
Նիւթերու ընտրութիւնը, ծանօթագրումը եւ անգլերէնի թարգմանութիւնը կատարած է Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ նաեւ ներկայացուց գիրքը, Կոմիտաս վարդապետի կեանքը եւ վաստակը:
Երգիչ Վաղարշակ Օհանեան մեկնաբանեց կոմիտասեան երեք երգեր՝ «Անտունի», «Կռունկ» եւ «Հայաստան»:
Փակման խօսքը կատարեց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով, մաէսթրօ Վաղարշակ Օհանեան կոմիտասեան փունջ մը երգեր հրամցուց: Երեկոյին աւարտին, Անուշաւան արքեպիսկոպոսը անդրադարձաւ նորատիպ հատորին կարգ մը հատուածներուն եւ փակման աղօթքը կատարեց:
Գիրքէն օրինակներ տրամադրելի են Ազգային առաջնորդարանի գրախանութէն, հեռաձայնելով (212) 689-7810 թիւին, Ռիթա Կիրակոսեանին կամ գրելով
books@armenianprelacy.org հասցէին: