ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հանգուցեալ Զարեհ Մսըրլեանի մահը պատահեցաւ Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերին, իսկ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին: Սան Ֆրանսիսքոյի «Սայփրըս Լոն»ի ցուրտ հողին յանձնեցինք մեր հայ գաղութի նուիրեալ եւ անզուգական անձնաւորութիւններէն, ազգային գործիչ ու ազգային բարերար Զարեհ Մսըրլեանը:
Հայկականութեամբ սնած, ազգասիրութեամբ եւ հայ դպրոցով ու մշակոյթով միշտ ապրող կեանք մը ունեցաւ Զարեհ Մսըրլեան Սուրիոյ եւ Ամերիկայի մէջ: Ան պատանեկան տարիքին կը կորսնցնէ իր հայրը, սակայն մօրը՝ տիկին Ովսաննայի խնամքին ու գուրգուրանքին ներքեւ կը յաճախէ Ազգային Հայկազեան վարժարանը եւ կը ստանայ նախնական ուսումը: Ապա կը յաճախէ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, ուր կը ստանայ իր երկրորդական ուսումը: Ան 1958ին կը տեղափոխուի Սան Ֆրանսիսքօ՝ ստանալու համար իր բարձրագոյն ուսումը եւ կերտելու իր ապագան:
Ան փոքր տարիքէն սիրեց իր մայրենի լեզուն եւ հաւատաց հայ եկեղեցւոյ։ Ան երկար տարիներ եղած է դպիր Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եթէ փոքր տարիքին մայրն էր, որ զինք առաջնորդեց դէպի եկեղեցի, եկեղեցւոյ սէրն ու քաշողականութիւնը միշտ մնացին իր սիրտին եւ հոգւոյն մէջ:
Զարեհը երիտասարդ տարիքին, տակաւին Հալէպ բնակած շրջանին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՅ Դաշնակցութեան պատանեկան շարքերուն, ապա մուտք կը գործէ կուսակցութեան շարքերը, նոյն ատեն կը պաշտօնավարէ տեղական SBR դրամատան մէջ:
Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուելէ ետք, անոր ուսանողական տարիներու գլխաւոր հանգրուաններէն մէկը կ՛ըլլայ՝ մխրճուիլ ազգային ու կուսակցական գործերու մէջ։ Ան եղած է ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութեան հերթապահը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ եւ հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի հիմնադիր անդամներէն մէկը, ուր նաեւ առիթը ունեցած է ծանօթանալու, ապա 1965ին ամուսնանալու Լուսիկ Յովհաննէսեանի հետ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:
Նոր աշխարհին մէջ դիւրին չեղաւ անոր կեանքը, բայց իր զօրաւոր կամքով յաղթահարեց բոլոր դժուարութիւնները՝ տիրանալով բարձրագոյն ուսման: Հազիւ աւարտած իր համալսարանական ուսումը՝ աշխատանքի կ՛ընդունուի Bank of America-ի կողմէ։ Իր ուշիմութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը բացայայտելով՝ 1973ին տնօրէնի ընդհանուր պատասխանատուութեան կը կոչուի Ծայրագոյն Արեւելքի Bank of America-ի դրամատուներուն՝ իբրեւ ղեկավար եւ վերին պատասխանատու առաւել քան հինգ երկիրներու:
Հոս կ՛արժէ նաեւ յիշատակել, որ այդ ընթացքին, 1986ին, երբ Սինգափուրի շրջանի հայութիւնը կը տօնէր տեղւոյն Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 150ամեակը, տեղւոյն պետական մասնակցութեամբ, Զարեհ Մսըրլեան եւս մասնակից էր այդ հանդիսութեան։
Շուրջ 30 տարիներ ծառայելէ ետք Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, երբ հանգստեան կը կոչուի, տիկնոջ՝ Լուսիկին հետ անոնք կը վերադառնան Սան Ֆրանսիսքօ, ու ան կը շարունակէ իր ազգային գործունէութիւնը՝ հետեւելով հայ մշակոյթին, Հայ Դատին ու հայ դպրոցին:
Զարեհը 1988ին, Հալէպի մէջ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութեան 50ամեակի տօնակատարութեան ներկայ կ՛ըլլայ՝ առ ի երախտագիտութիւն իր կրթական օճախին, որ իր հայեցի դաստիարակութեան ու կազմաւորման գլխաւոր դարբնոցը եղած էր: Այս առիթով, դարձեալ բարերարութիւն մը ընելու փափաքով, ան Ճեմարանին կը նուիրէ 50 համակարգիչներ:
Ան միշտ սատար կը հանդիսանար հայ դպրոցին, ու անոր գեղեցկագոյն արտայայտութիւններէն մէկն էր 2015ին կատարած 500,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի Ազգային Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանին:
Զարեհ Մսըրլեան նաեւ զանազան առիթներով, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարած է Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի զանազան դպրոցներու:
Հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը առաջնահերթ տեղ կը գրաւէին իր կեանքին մէջ: Ան ոչ միայն կը հաւատար հայ դպրոցի առաքելութեան, այլեւ կեանքով ու գործով կը հաստատէր իր հաւատքը։