Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Ալպոյաճեան Արշակ, «Պատմութիւն Մալաթիոյ Հայոց – Աշխարհագրութիւն, Պատմութիւն, Ազգագրութիւն», հայերէնէ թարգմանեց Սիրվարդ Մալխասեան, խմբագիրներ՝ Ռոպերթ Քոփթաշ եւ Օնուր Քոչեիղիթ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Նոյեմբեր 2019, 480 էջ (16 x 24 սմ., (1961ին Պէյրութի «Սեւան» տպարանէն լոյս տեսած հատորին թարգմանութիւնը, լուսանկարներ, թրքերէն): Հրատարակուած է Մալաթիայի հայոց միութեան աջակցութեամբ:
– Դուրեան Ղեւոնդ վարդապետ, «Մկրտութեան Խորհուրդը», վերահրատարակութեան խմբագիր՝ Վաղարշակ սրկ. Սերովբեան, Պոլիս, 2018, 88 էջ:
– Թէքէեան Վահան, «Հայու Հոգին», վերահրատարակութիւն աբեղեանական գրելաձեւով՝ «բացառութեան կարգով», կազմող եւ յառաջաբանի հեղինակ՝ Սուրէն Դանիէլեան, խմբագիր՝ Քնարիկ Աբրահամեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2019, 460 էջ (բանաստեղծութիւններ): Լոյս տեսած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ ու նուիրուած է Բանաստեղծութեան իշխանի ծննդեան 140ամեակին:
– «Իկոր Մուրատեան», կազմող եւ խմբագիր՝ Նայիրա Հայրումեան, հրատարակիչ՝ «Արցախի զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործակալութիւն» հասարակական կազմակերպութիւն, Ստեփանակերտ, Դեկտեմբեր 2019, 600 էջէն աւելի, (Արցախեան շարժումի հիմնադիր եւ առաջնորդ Իկոր Մուրատեանի (1957-2018)՝ 1990ականներու վերջէն մինչեւ մահը լոյս տեսած 100է աւելի հրապարակումներ ու անոր հետ կատարուած հարցազրոյցներ, ռուսերէն): Հրատարակութեան նպաստած են նաեւ «Լրագիր» ելեկտրոնային պարբերականի խմբագրութիւնն ու «Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւնների հայկական կենտրոն»ը:
– Իփեկեան-Ազատեան Նորա, «Յուշեր Միհրան Տամատեանի Մասին», խմբագիր՝ Սուրէն Սարգսեան, հրատարակութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի շրջանի, Երեւան, 2019, 72 էջ (թոռնուհիին յուշերը հնչակեան, ապա ռամկավար ազատական գործիչ մեծ հօր մասին):
– «Հայկական Որմնանկարչութիւն», կազմող եւ խմբագիր՝ Կարէն Մաթեւոսեան, Երեւան, 2019 (հայկական որմնանկարչութեան պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը. 19 հեղինակներու 18 յօդուած, 200 լուսանկար): Հատորը լոյս տեսած է Հին ձեռագրերի հիմնարկ – Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի Գիտական խորհուրդին որոշումով, «Վիքթորիա» միջազգային բարեգործական հիմնադրամին աջակցութեամբ:
– Պարսամեան Հայրապետ, «Բաբերդէն Մարսէյ Աքսորուած Երեխայի Մը Յուշերը», յառաջաբանը՝ Ռեմոն Գէորգեանի, հայերէնէ թարգմանեց եւ ծանօթագրեց Արաքսի Պարսամեան-Աճեմեան, «Գիրք Փապլիշինկ» հրատարակչութիւն, Ֆրանսա, Հոկտեմբեր 2019, 145 էջ (Բաբերդի Կիվ գիւղացի, 1902ին ծնած հեղինակին ինքնակենսագրութիւնը՝ աքսորումը 1915ին, բռնի իսլամացումը, յայտնուիլը Սեբաստիոյ որբանոցներէն մէկուն մէջ, հոնկէ Պոլիս տեղափոխուիլը, այնուհետեւ Մարսէյ հաստատուիլը, երկլեզու՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն):
– Սարգիսեան-Չեսնաթ Էլլեն, «Մենք՝ Հայերս Վերապրեցանք – Մարաշի 1920ի Պատերազմը», ԱՄՆ, 2019 (ֆրանսացիներու դաւաճանութեան պատճառով Մարաշի հայոց 1920ի սկիզբի ողբերգութիւնը, վերապրողներու վկայութիւններ, անգլերէն):
– «Վերջին Օծում Եւ Թաղման Կարգ Երանաշնորհ Տէր Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի (21 Նոյեմբեր 1998 – 8 Օգոստոս 2019), Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, Գումգաբու, Պոլիս, 17 Մարտ 2019», հրատարակութեան պատրաստեց Վաղարշակ սրկ. Սերովբեան, Պոլիս, 2019, 40 էջ:
– (Օրմանեան) Մաղաքիա պատրիարք, «Հայոց Եկեղեցին (Եւ Իւր Պատմութիւնը, Վարդապետութիւնը, Վարչութիւնը, Բարեկարգութիւնը, Արարողութիւնը, Գրականութիւնը Ու Ներկայ Կացութիւնը)», հրատարակութեան պատրաստեց Վաղարշակ սրկ. Սերովբեան, Պոլիս, 2018, 288 էջ: