Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ որոշած է զօրավիգ կանգնիլ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սթիւ Մետիսընի վերընտրութեան թեկնածութեան, Փասատինայի թիւը 6 ընտրատարածքին մէջ:
Այս մասին հրապարակուած Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Մետիսընին զօրակցելու որոշումը տրուած է՝ նկատի ունենալով անոր ցարդ տարած աշխատանքը եւ հեռանկարային ծրագիրները թիւը 6 տարածաշրջանի զարգացման համար, ինչպէս նաեւ անոր ցուցաբերած աջակցութիւնը հայ համայնքը շահագրգռող հարցերու կապակցաբար:
«Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մետիսըն խոր հասկացողութիւն ունի այն հարցերուն նկատմամբ, որոնք կը շահագրգռեն հայ համայնքը եւ ընդհանրապէս Փասատինա քաղաքը: Անոր քաջածանօթութիւնը հարցերուն առաւելութիւն մըն է՝ պատշաճօրէն լուծելու յառաջացած խնդիրները», այս առիթով ըսաւ յանձնախումբի ատենապետուհի Շողիկ Եփրեմեան:
«Մեծապէս պաուուած կը զգամ Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութեան այս քայլով՝ իմ վերընտրութեան վերաբերեալ: Փասատինան հպարտ է որ ունի այսպիսի աշխոյժ, կենսունակ ու զօրաւոր հայ համայնք մը, որ քոյր քաղաք Վանաձորի հետ միասին, այս համայնքին առաջնահերթութիւնները շատ կարեւոր կը համարուին ինծի համար: Ընտրական այս արշաւին ընթացքին կարելիս պիտի ընեմ, որ լաւապէս արժանի ըլլամ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ընկերներուս զօրակցութեան», իր կարգին, զօրակացութեան այս որոշումին անդրադառնալով՝ յայտարարեց Մետիսըն:
Յանձնախումբը այս առիթով կը յիշեցնէ, որ Մետիսըն 2013ին թեր քուարկած էր Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողի կանգնեցման եւ ընդհանրապէս եղած է ջատագովը հայ համայնքը շահագրգռող հարցերուն: Նշենք, որ անցնող 20 տարիներուն Մետիսըն եղած է Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ փոխքաղաքապետ ու զբաղեցուցած է զանազան պաշտօներ քաղաքապետական զանազան յանձնախումբերու կամ խորհուրդներու մէջ: