ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը՝ ՖԻՏԷն, մէկ տարիով որակազրկեց Sivas Buruciye մրցաշարքին թուրք կազմակերպիչը՝ Մուսթաֆա Էրօղլուն, որ Հայաստանի ճատրակի կանանց քառակի ախոյեան, գերվարպետ Մարիա Գէորգեանը հեռու պահած էր Թուրքիոյ մէջ Օգոստոս 2019ին տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքէն։
Գէորգեան բացայայտած էր, որ իր մասնակցութիւնը խոչընդոտուած էր ատրպէյճանցիներու պահանջով:
«Նա չի կարողանայ մրցաշարեր կազմակերպել: Բայց ամբողջ խնդիրն այն է, որ միայն կազմակերպիչն է որակազրկուել, իսկ ադրբեջանցի շախմատիստը, որն այդպիսի պահանջով էր հանդէս եկել՝ ոչ: Շախմատի Հայաստանի ֆեդերացիան (դաշնակցութիւնը) եւս գտնում է, որ պէտք է պատժուի նաեւ այդպիսի պահանջով հանդէս եկած շախմատիստը: Այս հարցին դեռեւս ժամանակ չեմ ունեցել անդրադառնալ զբաղուածութեան պատճառով, բայց հետեւողական ենք լինելու, որ բոլորը ստանան իրենց պատիժը այս միջադէպի կապակցութեամբ», յայտարարեց Մարիա Գէորգեան:
Յիշեցնենք, որ Գէորգեանին յղուած նշեալ մրցաշարքին մասնակցելու հրաւէրէն քանի մը օր ետք, Էրօղլու դիմած էր Գէորգեանին՝ խնդրելով անկէ չմասնակցիլ մրցաշարքին, ատրպէյճանցիներու պահանջով, նոյն ժամանակ հրաժարելով Հայաստանի ներկայացուցիչին մասնակցութեան ծախսերը հոգալէ: