ԵՐԵՒԱՆ.- 23 Յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 2։40ին, ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացաւ, որ «Էրեբունի Փլազա» պանդոկին մէջ զինուած անձ մը կրակած է։ Անմիջապէս դէպքին վայրը հասան ոստիկանութեան ղեկավար կազմը եւ համապատասխան խումբեր: Կրակած անձը ձերբակալուեցաւ եւ տարուեցաւ ոստիկանատուն։
Ըստ «Հրապարակ» թերթին՝ կրակողը Արթուր Թորոսեան անուն-մականունով անձ մըն է։
Ըստ «Ազատութեան»՝ «Էրեբունի Փլազա»ին մէջ կը գտնուին Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի գրասենեակը եւ «5րդ Ալիք» պատկերասփիւռի կայանը։
Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեան յստակ բան չյայտնեց այն մասին, թէ միջադէպը արդեօք կապ ունի՞ գրասենեակին հետ՝ ընդգծելով, որ կեդրոնին մէջ կան բազմաթիւ հիմնարկներ։