ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- 23 Յունուարին, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ եղաւ յեղաշրջման փորձ, որ կանխուեցաւ։ «Այժմ որեւիցէ վտանգ չկայ, դրանք տարբեր հետեւանքներ են ունեցել, եղել են նաեւ պաշտօնանկութիւններ», յայտարարեց Գրիգորեան։
Ան նշեց, թէ ներկայիս քննութիւն կը կատարուի, եւ եթէ կարիք ըլլայ, պիտի յարուցուի քրէական գործ։
«Ես կարող եմ ասել, որ առաջացել են խնդիրներ, նաեւ ողջամիտ կասկածներ են առաջացել, որ այդպիսի նպատակներ կան։ Դրանք կանխուել են», ըսաւ Գրիգորեան՝ աւելցնելով, որ այդ փորձերը չեն եղած քաղաքական խումբին մէջէն։