ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի մէջ հայերու ջարդերուն 30ամեակին առիթով, Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցաւ պատգամաւոր Ճուլիօ Չենթեմերօ եւ ըսաւ հետեւեալը.
«Ճիշդ 30 տարի առաջ՝ 13էն 19 Յունուար 1990ին, Պաքուի մէջ իրականացուեցան տեղւոյն հայերու կոտորածը եւ տեղահանութիւնը՝ ազգային պատկանելիութեան հիմքով: Ջարդերը կազմակերպուած էին Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատին կողմէ եւ հովանաւորուած՝ տեղւոյն իշխանութիւններուն կողմէ:
«Թէեւ 1988ի Սումգայիթի իրադարձութիւններէն ետք այդ նախկին խորհրդային հանրապետութեան տարածքին մէջ բնակող հայերը որոշած էին լքել իրենց տուները, սակայն, 1990ի սկիզբը այնտեղ տակաւին կը բնակէին 35-40 հազար հայեր՝ շատ աւելի քիչ, քան 80ականներու վերջաւորութեան արձանագրուած 300,000 հայ բնակչութիւնը:
«Ջարդերուն զոհերու ստոյգ թիւը կարելի չէ եղած հաշուել, որովհետեւ տեղւոյն իշխանութիւնները կը փորձէին ծածկել փաստերը: Ըստ որոշ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու՝ բռնութիւններուն զոհ դարձան առաւել քան 450 անձեր: Հազարաւոր բնակիչներ կորսնցուցին իրենց ամբողջ ունեցուածքը. որոշ ականատեսներու վկայութեամբ՝ այդ բռնարարքներոնւ զոհ դարձան նաեւ բազմաթիւ հրեաներ, ռուսեր եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ միայն այն պատճառով, որ արտաքնապէս հայերու նման եղած են: Ջարդերէն փրկուածները, իբրեւ փախստականներ, ապաստանեցան աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ՝ համալրելով Սփիւռքը:
«Պատմութեան ընթացքին Պաքուի մէջ հայերու ջարդեր տեղի ունեցած են առնուազն 3 անգամ՝ 1905ին, 1918ին եւ 1990ին: Եւրոպական խորհրդարանը 1988ին, 1990ին եւ 1991ին ընդունած բանաձեւերով դատապարտեց հայերու նկատմամբ իրականացած ջարդերը: Ջարդերը եւ անոնց հետեւանքները 2002ին արձանագրեց Միացեալ Նահաներու գաղթականներու հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Պիլ Ֆրելիք: 27 Յուլիս 1990ին, «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ հրապարակուեցաւ բաց նամակ մը՝ ուղղուած միջազգային հանրութեան, որ ստորագրուեցաւ Եւրոպայի, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու 133 նշանաւոր գիտնականներու եւ իրաւապաշտպաններու կողմէ, որոնք բողոքի ձայն կը բարձրացնէին Պաքուի մէջ հայերու սպանութիւններուն եւ ջարդերուն դէմ:
«Նշուած յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ պատմութեան միւս բոլոր յանցագործութիւնները անհրաժեշտ է յիշել եւ երբեք ծածկել որեւէ քարոզչութեան միջոցով, որպէսզի մարդկութիւնը յիշէ անոնց մասին, եւ նման իրադարձութիւններ այլեւս չկրկնուին»: