– 24 Յունուարի երեկոյեան, 6.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Արեւմտեան Հայաստանը։ Անոր կիզակէտը Խարբերդի մօտերն էր, մօտաւորապէս 10 քլմ. խորութեան վրայ։ Կը հաղորդուի, որ քանդուած են քանի մը շէնքեր եւ զոհ գացած են 14 քաղաքայիներ։
– Անգարայի ապահովական մարմինները 24 Յունուարին մօտաւորապէս 40 ոստիկաններ ձերբակալեցին, 2016ին պետական յեղաշրջման փորձին մասնակցելու եւ ապօրինի գաղտնի կազմակերպութեան անդամացկելու յանցանքներով, կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։ Նշենք, որ նման ամբաստանութիւններով մօտաւորապէս 100,000 անձեր ձերբակալուած էին Թուրքիոյ մէջ եւ 160,000 ուրիշներ պաշտօնազրկուած։