ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիա հրապարակ իջեցուցած է աշխարհի փոքրագոյն ոսկեդրամը։ Երեք միլիմերթէն պակաս տրամագծով դրամին վրայ պատկերուած է բնագիտութեան բնագաւառին մէջ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Ալպերթ Այնշթայնի դէմքը՝ լեզուն դուրս հանած վիճակի մէջ: 0.063 կրամ կշռող ոսկեդրամը քառորդ զուիցերական ֆրանք անուանական արժէք ունի եւ անկէ հրապարակուած են միայն 999 օրինակներ, որոնք կը վաճառուին 199 ֆրանքով (մօտաւորապէս 185 եուրօ)՝ յատուկ խոշորացոյցով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.