ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Ուրբաթ, 18 Յունուարի երեկոյեան, գրականասէր բազմութիւն մը ներկայ էր Պոլսահայ մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Պոլիսէն յատկապէս հրաւիրուած խմբագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ հրապարակիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի ««Արաս» հրատարակչութիւնը եւ պոլսահայ գրականութիւնը» լսարանի ներկայացումը:
Այս լսարանը կազմակերպուած էր Պոլսահայ միութեան «Մէկ մշակութային յանձնախումբ»ին եւ Համազգայինի Գրական յանձնախումբին կողմէ, եւ երկրորդն էր երեք լսարաններու շարքին մէջ, որոնցմէ առաջինը՝ «Պոլսոյ հայ վարժարանները եւ ուսումնական մակարդակը», ներկայացուեցաւ 10 Յունուարիին, իսկ վերջինը պիտի ներկայացուի Կիրակի կ.ե. ժամը 4:30ին:
Օրուան հիւրը ներկայացուց Համազգայինին կողմէ Րաֆֆի Աճէմեան: Ան դասախօսին կենսագրական կէտերը փոխանցելէ ետք, ամփոփ կերպով անդրադարձաւ նաեւ օրուան թեմային:
Սեւան Տէյիրմենճեան առաջին հերթին ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ հայկական տպագրութեան պատմականը, մինչեւ «Արաս» հրատարակչութեան հիմնադրութիւնը 90ականներուն: Ապա ան ներկաներուն փոխանցեց կարգ մը տուեալներ, Թուրքիոյ մէջ գիրքերու տարբեր դասերու վիճակագրութեան եւ Թուրքիոյ հասարակութեան գիրք կարդալու հետաքրքրութեան մասին: Ան յատկապէս կեդրոնացաւ Թուրքիոյ մէջ կարգ մը հայ գրողներու, ինչպէս՝ Տիգրանակերտէն Մկրտիչ Մարկոսեան, կամ Յակոբ Մնձուրի, Զաւէն Պիպեռեան, Զապէլ Եսայեան եւ այլն:
Հետաքրքրական էր իմանալ, թէ Թուրքիոյ հասարակութիւնը յատուկ սէր եւ համակրանք կը ցուցաբերէ նշեալ գրողներուն հանդէպ, որոնց գործերէն մինչեւ 90ականները «զրկուած» եղած են: Հրատարակչատունը այս պարագային, իր պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով, այս հեղինակներէն շատ մը գործեր թրքերէնի թարգմանած է, եւ յաճախ ստիպուած կրկնապատկած է տպաքանակը: Նոյնն է պարագան նաեւ մանկական հրատարակութիւններուն:
Աւարտին, ներկաները ուղղեցին իրենց հարցումները եւ տեղի ունեցաւ «Արաս» հրատարակչատունէն գիրքերու վաճառք եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: «Արաս» հրատարակչութեան կայքին հասցէն է՝ https://www.arasyayincilik.com։