ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջին չորս տարիներուն, Համահայկական ուսանողական միութեան (All-ASA) ջանքերով, շրջանաւարտներու յատուկ Եռագոյն ծոպերու վաճառքի հասոյթով տրամադրուող աջակցութեանց շարքին նորագոյնը հանդիսացաւ սահմանային Մեդովկա գիւղի դպրոցին փոքր փոխադրակառքի մը ապահովումը:
Ինքնաշարժը գնուած է յատկապէս Մեդովկայէն մօտաւորապէս 5 քլմ. հեռու գտնուող Քրուկլայա Շիշքա գիւղէն աշակերտներուն համար, որոնց ցարդ պարտադրուած էին ամէն օր քալելով դպրոց յաճախել։
Ծրագիրը սկիզբ առած էր 2016ին, իբրեւ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ մեղուաբուծութեան ջանքերուն աջակցող «Մէկ Հայաստան» կազմակերպութեան նախաձեռնութեանց մէկ մասնիկը, իսկ յաջորդող տարիներուն կարելի եղաւ ծրագիրը ընդարձակել եւ ծոպերու արտադրութիւնը իրականացնել Դիլիջանի մէջ, տեղական ուժերով, իսկ վաճառքին հասոյթը տրամադրուեցաւ Ստեփանաւանի կից գտնուող սահմանային Մեդովկա գիւղին շարք մը ծրագիրներու, ներառեալ՝ զբօսայգիի մը շուրջ ցանկապատ մը կառուցելու եւ զբօսայգիին մէկ մասը ֆութպոլի մրցումներու յարմարցնելու, ֆութպոլի գնդակներ եւ մարզական իրեր գնելու՝ քաջալերելով գիւղին մէջ աղջիկներու յատուկ ֆութպոլի խումբի մը կազմութեան: Կարելի եղաւ նաեւ գիւղին վարժարանի փակ մարզասրահին համար նոր պատուհաններ զետեղել եւ նորոգութեան այլ աշխատանքներ իրականացնել, աշակերտներու ծնողներուն աջակցութեամբ:
Այս աշխատանքը իրականացնելու ջանքերուն մեծապէս նպաստած էր Համահայկական ուսանողական միութեան Հայրենի նախաձեռնութիւններու յանձնախումբը, որուն անդամներէն մէկն է Խաչիկ Չուխաճեան, որ երկու տարի դասաւանդած էր Մեդովկայի մէջ:
Համահայկական ուսանողական միութեան նախկին ատենապետ եւ միութեան ներկայի գլխաւոր խորհրդական Հռիփսիմէ Բիազեան, այցելելով Մեդովկա եւ յաւելեալ աջակցութեանց կարելիութեանց շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալով գիւղի վարժարանի տնօրէնուհի Սուզանա Աւդալեանի եւ ուսուցիչներու հետ՝ հասած էր այն եզրակացութեան, որ այս հանգրուանին փոխադրակառքին գնումը կենսական էր:
Բիազեան նաեւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ գիւղին մէջ ուսուցչութեան պարտականութիւնը ստանձնած Միսաք Մարտիրոսեանի հետ։
Վերջին չորս տարիներու ծրագիրներուն ստեղծած խանդավառութենէն մեկնած, այս տարի եւս նման ծոպեր պիտի ծախուին:
Ծոպերէն իւրաքանչիւրին արժէքը 20 տոլար է:
Ծոպեր ապսպրելու համար՝ այցելել www.all-asa.org կայքը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել executives@all-asa.org հասցէին:
