ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խորհրդարանի գլխաւոր ժողովի նիստին, յոյն պատգամաւոր Եոաննիս Լակոս թուղթով պատրաստուած Թուրքիոյ դրօշակ մը պատռեց, բողոքելով գաղթականները յունական կղզիներ ղրկելու Անգարայի քաղաքականութեան դէմ։
«Պէտք է վերջ դնել ներգաղթողներու հոսքին», աւելցուց ան: