ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստանի իշխանութիւնները կը հաղորդեն, որ ցարդ անծանօթ եւ մահացու «Քորոնա» ժահրը կը շարունակէ մահ սփռել երկրին մէջ եւ արդէն իսկ 177 անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցած են համաճարակին հետեւանքով։
Չինաստանի պատկան մարմինները կը հաղորդեն, որ բացի Թիպէթ ինքնավար մարզէն, ժահրը կը տարածուի ամբողջ երկրի տարածքին եւ արդէն իսկ 7711 անձեր վարակուած են, իսկ մօտաւորապէս 80,000 ուրիշներ հսկողութեան տակ առնուած են։ Ժահրին առաջին դէպքը ախտորոշուած էր կեդրոնական Չինաստանի մէջ, Դեկտեմբերին, եւ Չինաստանի բազմաթիւ քաղաքներու սահմանները փակուած էին։ Բազմաթիւ երկիրներու կառավարութիւններ Չինաստանէն հեռու մնալու կոչ ըրած են իրենց քաղաքացիներուն։
Ցարդ այս ժահրը թափանցած է նաեւ 15 այլ երկիրներ։