ԹԵՀՐԱՆ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու ձեւաչափը «5+1 խումբն» է (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա), եւ Ուաշինկթընէն վնասուց հատուցում պահանջած է հիւլէական ծրագիրէն ինքնագլուխ կերպով դուրս գալուն համար:
Նախապէս, Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հաւանական նկատած էր իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձանութեան փոխարինումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախապայմաններուն համապատասխանող նոր համաձայնագիրով՝ զայն կոչելով Թրամփի անունով:
Սակայն, Զարիֆ ըսաւ հետեւեալը. «Տանըլտ Թրամփ առաջուան պէս կ՛երազէ երկկողմանի հանդիպումի մը մասին, որպէսզի յագեցնէ «Թրամփի համաձայնութեան» հասնելու իր ծարաւը: Այդ ցանկալին իրականին տեղ դնել է: Բանակցութիւններ վարելու միակ հաւանական վայրը «5+1 խումբ»ի ձեւաչափով սեղանին շուրջ է, որ ան լքած է»:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց՝ նշելով. «Ռիատ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սոլէյմանիի ահաբեկման մէջ Միացեալ Նահանգներուն գործընկեր է»՝ աւելցնելով. «Այն, ինչը շրջանը աւելի ապահով պիտի դարձնէ՝ հեռացումն է օտար ուժերուն եւ օտար տիրութեան, որ շրջանցած է կարգ մը երկիրներու օրէնքները»: