ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լրագրողներու միջազգային դաշնակցութեան գործադիր մարմինի անդամներուն հետ։ Շարք մը այլ հարցերու կողքին, նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հակամարտութեան եւ ըսաւ. «Ղարաբաղի մէջ լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրուին։ Եթէ Ռուսիա գործադրէ իր ազդեցութիւնը եւ ուժը, մենք կը լուծենք այդ հարցը։ Այս տարի եւս կարեւորութիւն պիտի տանք ղարաբաղեան հակամարտութեան»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.