ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըս այցելող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 29 Յունուարին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ։
Կլենտէյլի հիւպատոսրանին մէջ, դեսպան Բայբուրդեան ողջունեց այցելութիւնը Սաղաթէլեանի, որուն կ՛ընկերանար ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ եւ Սաղաթէլեան դեսպանին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կուսակցութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին՝ շեշտելով, որ կուսակցութեան նպատակն է պետութեան հզօրացումը, հակառակ ընդդիմադիր կուսակցութիւն մը ըլլալուն։
Շեշտուեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերուն սերտացման կարեւորութիւնը, որուն մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը։
Առաջնորդին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը հայութեան կեանքին մէջ եւ Սաղաթէլեան շեշտեց, թէ եկեղեցին հայութեան ազգային նկարագիրի խարիսխներէն մէկն է։ Կողմերը նաեւ կարեւոր համարեցին հայ մակոյթի պահպանման եւ զարգացման մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը։