Հայ քիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեանի «Պայմոտըլ Օքսիտէյշըն՝ Տարասեռ Եւ Համասեռ Հակազդեցութիւններու Զուգորդումը» անգլերէնով ծաւալուն գրութիւնը Պելճիքայի Կենտի համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան փրոֆեսէօր Ժ. Դիպոյի առաջարկով իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագիրներու մէջ՝ ուսանողներուն յանձնարարուող գրականութեան ցանկին վրայ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ գիրքը վերջին տասնամեակներու միակ հիմնարար աշխատութիւնն է այս բնագաւառին մէջ: Անիկա հասցէագրուած է յատկապէս բնագիտական քիմիագիտութեան բնագաւառի գիտնականներուն, ճարտարագէտներուն, ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են այս բնագաւառի հիմնահարցերով: Գիրքը կրնայ ծառայել նաեւ՝ իբրեւ դասագիրք համալսարաններու բնագիտական մասնագիտութիւններու ուսանողներու համար:
Հեղինակը գիտական համագործակցութեան սերտ կապեր ունի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ա. Բ. Նալբանդեանի անուան բնագիտական քիմիագիտութեան ուսումնարանին հետ, ուր աշխատած է մինչեւ Ֆրանսա հաստատուիլը: Պախչաճեան նախաձեռնողը եւ գլխաւոր խմբագիրն է բնագիտական քիմիագիտութեան քանի մը գիտական մատենաշարներու, որոնք լոյս տեսած են համաշխարհային առաջնակարգ գիտական հրատարակչութիւններու կողմէ:
Գիրքը 2019ին տպագրած է բնագիտական եւ ճարտարագիտական գրականութեան ամերիկեան մեծագոյն հրատարակչութիւններէն մէկը՝ «Սի.Ար.Սի. Փրէս – Թէյլըր Էնտ Ֆրանսիս Կրուփ»ը, Պոքա Ռաթոնի (Ֆլորիտա), Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Անիկա լայն տարածում գտած է նաեւ համացանցին վրայ: