ՄԵՍԵՉՈՒՍԵՑ.- Հեղինակաւոր Մեսեչուսեցի Արհեստագիտութեան հիմնարկին (MIT) պաշտօնաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ աշխարհի տարածքին եւ տարբեր կարգերու միլիոնաւոր աշակերտներու հետ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը հասած է այն եզրակացութեան, որ դասարաններու մէջ արդի արհեստագիտութեան օգտագործումը ոչ միայն ակնկալուած օգուտը չի բերեր, այլ երբեմն նոյնիսկ բացասական ազդեցութիւն սկսած է ունենալ։ Ըստ ուսումնասիրութեան՝ դասարաններու մէջ իւրաքանչիւր աշակերտի տրուած շարժուն համակարգիչներու օժանդակութեամբ դասաւանդումներէն ետք, սորվելու մակարդակը նուազած է (օրինակ, 4րդ դասարանի աշակերտները ընթեցանութեան մէջ մօտաւորապէս 10 տոկոս պակաս նիշ ստացած են, բաղդատած աւանդական դասարանին), մինչ համացանցի միջոցաւ ուսողութեան դասանիւթը հետեւած 8րդ դասարանի աշակերտները ստացած են շատ աւելի վատ արդիւնքներ, քան աւանդական դասարանի աշակերտները։
Թերթը մտահոգիչ կը նկատէ այն իրողութիւնը, որ շարժուն համակարգիչներու օգտագործումը սկսած է աւելի ընդհանրանալ չքաւոր աշակերտներ ունեցող վարժարաններու մէջ (որոնց համար աւելի աժան է համակարգիչներ գնելը, քան որակաւոր ուսուցիչներ վարձելը), ինչ որ անոնց ուսման մակարդակին կրնայ աւելիով վնասել։