ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը պահանջեց պետութենէն, որ 30,000 լիրա (մօտաւորապէս 5000 տոլար) վնասուց հատուցում վճարէ գրող եւ մտաւորական Մեհմետ Ալթանին, զայն անօրինական կերպով բանտարկուած պահելուն եւ ատեանին որոշումին չենթարկուելուն պատճառով:
Ալթան ձերբակալուած էր Սեպտեմբեր 2016ին, պետական յեղաշրջման փորձին մասնակցութեան մեղադրանքով եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր: Հակառակ անոր, որ Սահմանադրական ատեանը Յունուար 2018ին, իսկ Մարդկային իրաւանց եւորոպական ատեանը նոյն տարուան Մարտին վճռած էին, թէ Ալթան պէտք է ազատ արձակուի, որովհետեւ բաւարար փաստեր չկան զինք բանտարկուած պահելու համար, ան բանտարկուած մնացած էր։ Ան Յունիս 2018ին միայն պայմանականօրէն ազատ արձակուեցաւ եւ միայն անցեալ տարուան Նոյեմբերին էր, որ ան վերջնականապէս արդարացուեցաւ: