ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի առաջարկած՝ պաղեստինցիներուն ու Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան ծրագիրը՝ «Դարու գործարք»ը, պիտի մեռնի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն առաջ: «Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Խամանէի գրառում կատարած է «Թուիթըր»ի վրայ, ամերիկեան ծրագիրը կոչելով. «յիմար, արատաւոր եւ ձախողութեան դատապարտուած»:
«Այս մտադրութեան դիմակայման համար, իսլամական ճակատը պէտք է աջակցի պաղեստինցիներու խիզախ պայքարին», աւելցուց Խամենէի: