
ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ
ՀԱԼԷՊ, ԵՐԵՒԱՆ, «Գանձասար», «Էրմենիհապեր».- Ուրբաթ, 7 Փետրուարին, մինչ սուրիական բանակի միաւորները կ՛ականազերծէին մէկ օր առաջ ազատագրուած Իտլիպի արեւելեան շրջանը գտնուող եւ ռազմավարական իմաստով կարեւոր դիրք ունեցող Սարաքեպ աւանը, Սուրիա ներխուժած Թուրքիոյ զինուած ուժերը ռմբակոծեցին սուրիական բանակային ուժերու դիրքերը:
Սուրիական ուժերուն արագ յառաջխաղացքով մտահոգ Անգարա վերջին քանի մը օրերուն յաւելեալ ուժեր ղրկած է Սուրիա եւ թրքական աղբիւրներու համաձայն՝ հակառակ իրենց ջանքերուն, թրքական ուժերը չեն յաջողած Սարաքեպի ազատագրման դէմ դնել։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ կը շարունակեն պաշտպանել ահաբեկիչները՝ նշելով, որ մինչ Իսրայէլի կողմէ Դամասկոսը կը ռմբակոծուէր, թրքական զօրքեր մուտք գործեցին Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի նոր շրջաններ:
«Ակնյայտ համակարգումով եւ իսրայէլեան յարձակումին քօղին տակ, թրքական զօրքերը ապօրինի կերպով անցան սուրիական սահմանը եւ տեղակայուեցան Պինիշ, Մաարեթ Միսրին եւ Թաֆթանազ (Սարաքեպի արեւմուտքը) գիւղերուն մէջ: Թուրքիոյ գործողութիւնները ցոյց կու տան թրքական վարչակարգին եւ Իսրայէլի իշխանութիւններուն ընդհանուր նպատակները՝ ահաբեկիչներու եւ մանաւանդ «Ճապհաթ Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման պաշտպանութիւնը եւ սուրիական բանակին յառաջխաղացքին կանգնեցումը», յայտարարեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծեց, որ այդպիսի գործողութիւններ կը խախտեն երկրին գերիշխանութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը, սակայն պիտի չկարենան խանգարել սուրիացի զինուորներուն Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ գործողութիւնները:
Դամասկոս նաեւ անհիմն համարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին 1998ին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ կնքուած Ատանայի համաձայնագիրին։
Ըստ Էրտողանի՝ այդ համաձայնութիւնը կ՛արտօնէ Անգարային ռազմական գործողութիւններ իրականացնել Սուրիոյ տարածքին մէջ, սակայն Սուրիոյ իշխանութիւնները կը շեշտեն, թէ համաձայնագիրը կը խօսի միայն Թուրքիա-Սուրիա համագործակցութեամբ գործողութիւններու մասին, մինչ ներկայիս Թուրքիա ինքնագլուխ կերպով կը գործէ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ ռուսական կառոյցներուն վրայ ծայրայեղականներուն յարձակումները կը շղթայազերծուին Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն եւ թիրախ կը դարձնեն սուրիական բանակը եւ ռուսական զինուորական կեդրոնները»:
Նաեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց. «Յունուարի կիսուն, ռուս եւ թուրք զինուորները հերթական փորձի ձեռնարկած էին՝ հանդարտութիւն հաստատելու Իտլիպի մէջ, սակայն ահաբեկիչները ո՛չ միայն չեն նուազեցուցած իրենց մարտական աշխուժութիւնը, այլ ընդհակառակն՝ աւելցուցած են զայն: Միայն վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին արձանագրուած են հազարէն աւելի յարձակումներ: Սուրիական բանակին եւ բնակչութեան մօտ մահացածներու եւ վիրաւորներու թիւը հասած է քանի մը հարիւրի: Չեն դադրիր ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին վրայ յարձակումները»:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ ռուսական պատուիրակութիւն մը Թուրքիա պիտի այցելէ քննարկելու համար Իտլիպի մէջ տիրող կացութիւնը:
Վերջապէս, Սուրիոյ հարցերու Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմզ Ճեֆրի «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց «Իտլիպի մէջ Ռուսիոյ աջակցութեամբ սուրիական կառավարութեան շղթայազերծած յարձակումին վերաբերեալ», Մոսկուայէն պահանջելով դադրեցնել յարձակումը։
Ան Ռուսիոյ կոչ ուղղեց «փոխելու իր քաղաքականութիւնը», նոյն ժամանակ նշելով. «Սուրիական յարձակումին աջակցութեան մէջ միայն ռուսերուն մեղսակցութիւնը չենք տեսներ, այլ նաեւ իրանցիներուն եւ «Հըզպալլա»ին»:
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարեց, որ Փարիզ «Դամասկոսի դաշնակիցները պատասխանատու կը նկատէ Իտլիպի մէջ տիրող կացութեան համար»: