ՀԱԼԷՊ.- Շաբաթ, 1 Փետրուարի միջօրէին, Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ սկսաւ հայերէնի ուսուցման ծրագիրը: Ծրագիրին առաջին փուլին մասնակցութիւն կը բերէին առաւել քան տասը ուսանողներ եւ վկայեալ մասնագէտներ:
Դասաւանդութիւնը կը կատարէ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան:
Դասընթացքին նպատակին եւ ընթացքին ծանօթանալու համար, «Գանձասար»ը հարցազրոյց ունեցաւ նախ Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի տնօրէն դոկտ. Մուհամմետ Խէյրիի հետ:
Դոկտ. Խէյրի, ողջունելով հայերէնի ուսուցման ծրագիրին մեկնարկը՝ ըսաւ. «Ուսումնարանին առաքելութիւնը մարդասիրական է: Անոր նպատակն է քաջալերել ազգային լեզուները: Այս ծրագիրը սկսաւ այս մեկնակէտէն, դասընթացքներու կազմակերպման առաջին քայլով: Հայերէնի դասընթացքին ընդունելութիւնը շատ լաւ էր: Առաջինն էր որ գործնականացաւ փաստօրէն: Ծրագիրին երկրորդ նպատակն է՝ լուսարձակի տակ առնել նշեալ լեզուները օգտագործող ազգերուն մշակոյթը եւ պատմութիւնը, մեր հասարակութիւնը ծանօթացնել անոնց մշակոյթին եւ կարեւորութիւն ընծայել սուրիական ընկերութեան բազմագոյն խճանկարին: Սուրիական ընկերութիւնը հարուստ է, զանազան մշակոյթներ կը պարփակէ, այս մեր ընկերութեան առաւելութիւնը եւ հարստութիւնն է»:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս առիթը ստեղծելնուդ համար: Կը մասնակցիմ, որովհետեւ մեր միջավայրին մէջ հայերուն թիւը մեծ է, ամուսինս ալ հայ է: Երկրորդ՝ նկատած եմ, որ հայերը որեւէ աշխատանք բծախնդիր մանրամասնութեամբ կ՛իրականացնեն, ինչպիսի ոլորտի ալ վերաբերի անիկա: Ուրեմն, կ՛ուզեմ ծանօթանալ ձեր մշակոյթին, մտածելակերպին եւ այլն», ըսաւ դասընթացքին մասնակցող դատախազ Հալա Նաամի։
«Ուզեցի սորվիլ հայերէնը ինծի համար նոր, անծանօթ լեզու մը ըլլալուն պատճառով: Ես կը սիրեմ նորութիւնները: Երկրորդ՝ հայ ժողովուրդը աշխատասէր եւ ստեղծարար ժողովուրդ է: Սուրիոյ տագնապի օրերուն միշտ մեր կողքին էր նաեւ Հայաստան, ես հայ ընկերուհիներ ալ ունիմ: Այս բոլորը զիս կը մղեն, որ սորվիմ հայերէն, ծանօթանամ հայ մշակոյթին», իր կարգին յայտնեց փաստաբան Մէյսուն Ումար:
«Ուրախ եմ հայերէնի ուսուցման ծրագիրին իրագործման համար: Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանը հիմնուած է 9 Սեպտեմբեր 2000ին, բարձրագոյն ուսման նախարարութեան 384 թուակիր որոշումին համաձայն: Ուսումնարանը կ՛ընդգրկէ անգլերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի ուսուցման բաժինները, կը գործեն նաեւ այլ լեզուներու եւ ազգային լեզուներու բաժինները: Օտար լեզուներու բաժինը կ՛ընդգրկէ 7 լեզուներ, իսկ ազգային լեզուներու բաժինը հիմնուած 2011ին, ուսումնարանի տնօրէն դոկտ. Մուհամմետ Խէյրիի հովանաւորութեամբ. անիկա կ՛ընդգրկէ հայերէնը, քրտերէնը, սիրիաններէն ըեւ ասորերէնը: Այս տարի Համալսարանի ղեկավարութենէն արտօնութիւն ստացանք վերակենդանացնելու ազգային լեզուներու բաժինը: Ահաւասիկ, առաջին անգամ ըլլալով, Հալէպի Պետական համալսարանին մէջ ընթացք կ՛առնէ հայերէնի դասաւանդութիւնը: Ուսումնարանին նպատակն է կենսունակ պահել օգտագործուող ազգային լեզուները, ինչպէս նաեւ բարձրացնել օտար լեզուներու իմացութեան եւ ուսուցման մակարդակը, ուսումնական մեր հաստատութիւնները օժտել լեզուներու գիտակ մարդուժով եւ աշխուժացնել գործակցութիւնը լեզուներու ուսումնարանին եւ Հալէպի ուսումնական պետական եւ մասնաւոր հատուածի հաստատութիւններուն միջեւ» ըսաւ Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի փոխտնօրէն Ռիմ Իսա։
«Հալէպի պետական համալսարանին մէջ հայերէնի ուսուցման այս դասընթացքը գործնական արտայայտութիւնն է մեր լեզուին նկատմամբ՝ իբրեւ ազգային լեզու, Սուրիոյ պետութեան տածած յարգանքին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի գոյութիւնը գնահատող քայլ է: Գնահատելի նախաձեռնութիւն մը՝ որուն համար մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նախաձեռնող կողմերուն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք մասնակցողներուն: Նախապէս նման ծրագիր մը մշակուած էր, բայց գործնականացման փուլին չէր անցած։ Այսօր գործնական առաջին քայլն է որ կ՛առնուի: Կը յուսանք, որ այս քայլը զարգանալով կը հասնի Հալէպի Պետական համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոնի հիմնադրման ծրագիրին: Այս աշխատանքը Սուրիոյ մէջ հայութեան վայելած յարգանքին արգասիքն է նաեւ», այս առիթով ըսաւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեան։
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»
Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ կը սկսի հայերէնի ուսուցման ծրագիրը, իսկ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Պետական եւ այլ համալսարաններու մէջ կ’որոշուի հայերէնի ուսուցումը վերացնել:
ԿԵՑՑԷ՛ «ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ»Ը: