ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 26 Յունուարէն 1 Փետրուարին, Աթշանէի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ արեւելեան ուղղափառ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան Միջազգային աստուծաբանական յանձնախումբին 17րդ հանդիպումը:
Հանդիպումին նիւթն էր «Եկեղեցւոյ խորհուրդներու աստուածաբանական հիմքերը»: Յանուն Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսութեան՝ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Շահէ Ծ. վրդ. Անանեան, իսկ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Մակար եպս. Աշգարեան եւ Պօղոս վրդ. Թինքճեան:
Յանձնախումբին յառաջիկայ տարուան հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24էն 30 Յունուար, Վատիկանի մէջ, ուր պիտի քննարկուին եկեղեցական երկու ընտանիքներուն մէջ Ս. Մարիամ Աստուածածինի վերաբերող աստուածաբանական հարցերը: