ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի Ուքրանիոյ հարցերու մասնագէտ զօր. Ալեքսանտր Վինտմեն, որ Ուքրանիոյ նախագահը կաշառելու նախագահ Թրամփի հեռաձայնային խօսակցութեան մասին յանդգնած էր վկայութիւն տալ, 7 Փետրուարին պաշտօնազրկուեցաւ։ Ըստ անոր փաստաբանին՝ ան պաշտնազրկուած է «իրականութիւնը ըսելուն համար»։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ պաշտօնազրկուած է նաեւ Վինտմենի զոյգ եղբայրը՝ Ալեքսանտրը, որ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բարձրաստիճան իրաւաբաններէն մէկն էր։
Թրամփի դէմ վկայութիւն տուած Եւրոպական Միութեան մօտ Միացեալ Նահագներու դեսպան Կորտըն Սանտլընտ եւս շաբաթավերջին պաշտօնազրկուեցաւ։