ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հովանաւորութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգաբարձութեան եւ կազմակերպութեամբ Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին, Կիրակի, 23 Փետրոիարին, յաւարտ Ս. պատարագի, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ, եկեղեցւոյ «Թումանեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը։
Օրուան նիւթը՝ «Ի՞նչ կ՛ըսէ Աստուածաշունչը դաջանելու մասին. Քրիստոնեան պէ՞տք է դաջուածք եւ մարմնի խակոտումներ ունենայ», պիտի ներկայացնէ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն։