ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Գործի եւ արեւելումի գրասենեակին, 7 Փետրուարին լիբանանեան 15 համալսարաններու ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցան վարժարանի բարձր կարգի աշակերտներուն հետ եւ անոնց ներկայացուցին համալսարաններուն մէջ դասաւանդուող մասնագիտութիւնները ու կրթութեան պայմանները: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանեան բանակի սպայից վարժարանի արեւելումի գրասենեակին պատասխանատուն:
Աշակերտներուն տրամադրուեցան հաստատութիւններուն վերաբերող գրքոյկներ: Աւելին, համալսարաններու ներկայացուցիչները առանձին զրոյցներով պատասխանեցին աշակերտներու հարցումներուն եւ յաւելելալ բացատրութիւններ տուին զանոնք հետաքրքրող հարցերուն մասին: Աշակերտներ ստացան խորհրդատուութիւն նաեւ այն մասին, թէ որ մասնագիտութիւնները կը յարմարին իրենց նախասիրութիւններուն կամ ունակութիւններուն:
«Մեսրոպեան»ի մէջ արժանի կարեւորութիւն կը տրուի աշակերտներու արեւելումին. անոնք պէտք է իրազեկուին Լիբանանի մէջ գործող տարբեր համալսարաններու կրթական ծառայութիւններուն, որպէսզի կարենան լաւագոյն ընտրութիւնը կատարել թէ՛ համալսարանի եւ թէ մասնագիտութեան առումներով: