ԱԹԷՆՔ.- Շաբաթ, 8 Փետրուարին, ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, իր կողքին ունենալով ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան կազմերը՝ միասնաբար արժանաւորապէս նշեց իր օրը եւ միութեան հիմնադրութեան 72րդ տարեդարձը:
Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահները կանուխէն ողողուած էին երիտասարդներով եւ պատանիներովծնողներով, ընկերներով եւ համակիրներով։
Ելոյթը յատկանշուեցաւ իր խանդավառ մթնոլորտով, երիտասարդներու եւ պատանիներու համարձակ խօսքերով եւ երգերով, Պատանեկան Միութեան անդամներու երգերով, որոնց ընթացքին ազգային շունչը, դաշնակցական ոգին եւ երիտասարդական խանդը տիրապետեցին եւ ոգեւորեցին բոլոր ներկաները:
Երիտասարդութեան տօնը իրենց ներկայութեամբ յարգեցին Յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենանով Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամները, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան եւ անդամները, շրջաններու ՀՅԴ կազմերու կոմիտէները եւ ընկերները, ՀԿ Խաչի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց անդամները:
Տօնական երեկոյին բացումը կատարեց Արմէն Աճէմեան։
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան՝ փոխանցելու շրջանի պատասխանատու մարմինին խօսքը:
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ուղղեց Արման Գրիգորեան:
Յայտագիրի ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ. առաջինը կ՛ընդգրկէր ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան 70ամեայ գործունէութենէն նկարներ եւ տեսանիւթեր, իսկ երկրորդը՝ անցեալ ամառ կատարուած դէպի Հայաստան եւ Արցախ այցելութենէն տեսարաններ:
ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան անդամներէն կազմուած երգչախումբը ներկայացուց ազգային եւ յեղափոխական երգեր։
Իր խօսքը ուղղելու համար հրաւիրուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նախ շնորհաւորեց երիտասարդները իրենց Օրուան առիթով, ապա շեշտեց, թէ սրահին մէջ կը տեսնէ սերունդներու շարունակութիւնը։ Սրբազան հայրը յայտնեց թէ այսօրուան հաւաքը յատկանշականօրէն դաշնակցական երիտասարդութեան հաւաքն է, որ համախմբած է երիտասարդներ, որոնք կը շնչեն ու կը գործեն հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման ոգիով:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ երիտասարդականի անդամներուն կողմէ կազմուած նուագախումբի յայտագիրով: