ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 12 Փետրուարին, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ, մարդկային իրաւանց պաշտպաններ եւ ամերիկահայ գործիչներ, ներառեալ՝ Պաքուի ջարդերէն վերապրողներ մասնակցեցան Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայկական համագումարին, Հայաստանի դեսպանատան եւ Արցախի ներկայացուցչութեան կողմէ եւ նուիրուած էր 1990ին Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայոց ջարդերուն։ Հաւաքը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ Արցախի առջեւ ծառացած ընկերային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար ամերիկեան օժանդակութեանց ապահովման ջատագովման:
Պաքուի ջարդերը դատապարտող եւ Արցախին զօրակցելու հրամայականը շեշտող ելոյթներով հանդէս եկան Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Ֆրենք Փալոն, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Ճուտի Չու, Ռաճա Քրիշնամուրթի, Ճիմ Քոսթա, Էնտի Լըվայն, Ճեքի Սփիր, Թի.Ճէյ. Քոքս եւ Ճեն Շաքովսքի։
Ներկայ քոնկրեսականներուն նուիրուեցաւ Արցախի պատմութիւնը ներկայացնող՝ The Chro-nicles of Karabakh ֆիլմէն կրկին օրինակներ, որոնք տրամադրուած էին Պաքուի ջարդերէն վերապրած Աշոտ եւ Այտա Պետրոսեաններուն կողմէ։
Հաւաքին գլխաւոր բանախօսն էր Պաքուի սպանդէն վերապրած հեղինակ եւ մարդկային իրաւանց գործիչ՝ իրաւաբան Աննա Աստուածատուրեան Թըրքոթ, որ անդրադարձաւ Պաքուի ջարդերուն եւ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի սերմանած ատելութեան ու հայերուն դէմ իրականացուցած ոճրագործութիւններուն:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան, որ օրուան գլխաւոր բանախօսը ներկայացնելէ առաջ պատմեց Պաքուի ջարդերէն վերապրած Ռոզա Ակոբովայի պատմութիւնը։
Խօսքեր արտասանեցին նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպէր Աւետիսեան։
Նշենք, որ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու նպատակով, Երիմեան եւ Աստուածատուրեան Թըրքոթ շարք մը հանդիպումներ ունեցան քոնկրեսականներու հետ:
Հաւաքին տեսանիւթը կարելի է դիտել www.facebook.com/ancagrassroots/videos/854895484971483/ կայքէջին վրայ։