ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 12 Փետրուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներուն՝ գլխաւորութեամբ հիմնարկի հիմնադիր եւ նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեան։
Յանուն հիմնարկին, դոկտ. Ճորտըն շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ ամէն տարի սիրայօժար կերպով կ՛ընդառաջէ վարչութեան փափաքին՝ այցելելու Ազգային առաջնորդարան եւ տեղեկանալու հիմնարկի աշխատանքի մարզերուն ու հետագայի ծրագիրներուն մասին։
Ներկայացուցիչները ուրախութեամբ յայտնեցին, թէ այս տարի աւելի եւս ընդարձակուած է իրենց աշխատանքին ծիրը՝ հասնելով մինչեւ Յունաստան, ոսկրածուծի պատուաստումի համար նուիրատուներու ցանկը նոր աճ արձանագրած է եւ անմիջական ծրագիրն է՝ հասնիլ նաեւ հեռակայ նոր հայաշխարհներ։
Տոքթ. Ճորտըն երախտագիտութեամբ նշեց արձանագրուած յաջողութեանց մէջ գաղութի կազմակերպութիւններուն եւ զանազան հիւանդանոցներու ներդրումը ու յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ միշտ Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական եւ թեմի եկեղեցիներուն հետ գործակցութեան դաշտը տրամադրելով՝ սատար կը հանդիսանայ հիմնարկին աշխատանքներուն եւ մատուցած ծառայութիւններուն մասին ծանօթացման աշխատանքին:
Նշուեցան նաեւ հիմնարկին յառաջիկայ գլխաւոր ծրագիրները, որոնք բոլորն ալ կը միտին մարդասիրական այս աշխատանքին նպատակը եւ անոր մասնակցութեան կարելիութիւնները ընդլայնելու ու նոր հայաշխարհներ ներառելու։
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց տարուած հսկայ աշխատանքը, օրհնեց կամաւոր ծառայութիւն մատուցող բոլոր անդամները եւ յուշանուէրներ փոխանցեց ներկայացուցիչներուն։