ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, 14 Փետրուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներու՝ Հերմինէ Բախանեանցի, իրաւաբան Լինա Դաւիթեանի եւ Րաֆֆի Սարգիսեանի ու կառավարական հարցերու վարիչ Արսէն Շիրվանեանի։
Այցելութեան նպատակն էր ներկայացնել Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքները, յատկապէս կեդրոնանալով յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք Միացալ Նահանգներու մարդահամարին վրայ։ Ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին, թէ ցայսօր ի՛նչ քայլեր առնուած են մարդահամարին ամերիկահայերուն ճշգրիտ թիւը արձանագրելու համար, ինչպէս նաեւ անդրադարձան թեմի եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ գաղութի կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան՝ Հայ-Ամերիկեան մարդահամարի ամբողջական յանձնախումբին միջոցաւ։
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը՝ նշելով, որ Ազգային առաջնորդարանը արդէն իսկ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, մարդահամարին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցած է բոլոր ծխական շրջաններուն եւ դարձեալ շեշտեց իր շարունակական զօրակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը յոյժ կարեւոր այս ծրագիրին յաջողութեան։