ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Հինգշաբթի, 27 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յետ-խորհրդային Հայաստանի մէջ քաղաքային ծրագրումի աշխատանքներուն եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն նուիրուած ներկայացում մը, առաջնորդութեամբ այս մարզի մասնագէտներէն դոկտ. Սարհատ Պետրոսեանի, որ նաեւ պիտի ներկայացնէ կացութիւնը բարելաւելու նպատակով իր առաջարկները։
Պետրոսեան վկայուած է Հայաստանի Ճարտարապետութեան Ազգային համալսարանէն եւ շրջան մը հոն դասաւանդած է, որմէ ետք շինարարական ասպարէզը նետուած է։
Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին հասցէն է՝ 117 South Louise Street, Glendale, CA 91205:
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ ըլլալով՝ կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել՝ դիմելով events@aesa.org հասցէին: