ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, առաւել քան 100 ՀՄԸՄականներ, ՀՄԸՄ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ, մօտիկ բարեկամներ ներկայ էին Presidents Circle-ի նախաձեռնած անդրանիկ դրամահաւաքի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 9ին Bistro Garden-ի մէջ:
Ներկաները նախ ընկերային ժամ ու հիւրասիրութիւն մը վայելեցին. ապա, անոնք անցան սրահ, ուր տեղի ունեցան ընթրիք եւ գեղարուեստական յայտագիր:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան անդամ Թալին Ղազարեան, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս պատուոյ նախագահներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական յարատեւ աջակցութեամբ, միշտ յոյս ու կորով կը ներշնչեն ՀՄԸՄին:
Այնուհետեւ, ողջոյնի խօսք առաւ ՀՄԸՄի 40րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ եւ Presidents Circle-ի ատենապետ Վարանդ Մելքոնեան, որ բացատրեց. «ՀՄԸՄի Արեւմտեան շրջանի Presidents Circle-ը սկիզբ առաւ շնորհիւ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներուն, որոնք քով քովի գալով որոշեցին նեցուկ կանգնիլ եւ նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակել ՀՄԸՄի Արեւմտեան շրջանի աշխատանքներուն»:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց նաեւ վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, որ ըսաւ. «Սոյն երեկոն կը զուգադիպի մեր հայկական աւանդական տօնին՝ Սուրբ Սարգիսին եւ ամերիկեան Վալընթայնին: Սուրբ Սարգիսի միջնորդութեամբ հրաշքներ կը պատահին. տարիներ ի վեր ՀՄԸՄի մէջ եւս նման հրաշքներ կը պատահին շնորհիւ մեր հին եւ նոր նուիրեալ բարերարներուն, որոնք միշտ սատար կը կանգնին եւ կ՛օգնեն մեր ազգին եւ մանաւանդ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին, որովհետեւ անոնք կը հաւատան «Բարձրացիր, բարձրացուր» եւ «Միշտ պատրաստ» նշանաբաններուն»: Ան բարձր գնահատեց ՀՄԸՄի բարերարները եւ անոնց տիկինները, յատկապէս մայրերը, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են, համեստօրէն քաջալերելով իրենց կողակիցները, դառնալով բարի օրինակ յաջորդող սերունդներուն:
Ապա, գեղեցիկ անակնկալով մը, ան յայտարարեց, որ այս տարուայ Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են՝ տէր եւ տիկ. Արա եւ Ալին Չաղլասեաները, աննախընթաց ոգեւորութիւն մը ստեղծելով սրահէն ներս:
Եղբայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, որոնք անգամ մը եւս օգտակար հանդիսանալով ՀՄԸՄին՝ սիրայօժար ստանձնած էին ձեռնարկին հովանաւորութիւնը, յիշելով անոնց անունները՝ տէր եւ տիկ. Չարլի եւ Ճիւլի Ղայլեաններ, տէր եւ տիկ. Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններ, տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, տէր եւ տիկ. Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններ, տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրեթա Չրախճեաններ, տէր եւ տիկ. Փաթրիք եւ Միլէն Չրախճեաններ, տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններ եւ տէր եւ տիկ. Արա եւ Ալին Չաղլասեաններ: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մնանք եւ յարատեւենք այս սիրով եւ նուիրումով»:
Իր կարգին, Վարանդ Մելքոնեան բեմ հրաւիրեց 44րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Կարօ Էշկիեանը, որ իր շնորհաւորանքի խօսքերը փոխանցեց տէր եւ տիկ. Արա եւ Ալին Չաղլասեաններուն, մաղթելով անոնց անսպառ կորով եւ առաւել յաջողութիւն յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ:
Գեղեցիկ այս երեկոն ուրախ մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, նուագախումբին հրամցուցած երգերով ու ներկաներու պարերով:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ազնիւ եւ նուիրեալ պատուոյ նախագահներուն, հաստատ համոզումով, որ եթէ չըլլար անոնց անվերապահ աջակցութիւնը եւ գուրգուրանքը մեր միութեան հանդէպ, անկարելի էր ապահովել այսքան պատասխաանատու աշխատանքներու յաջողութիւնը: Ապրի՛ն մեր բարերարները, ապրի՛ն մեր նուիրեալ անդամները եւ ապրի՛ ՀՄԸՄը:
(Թղթակցութիւնը՝
ՀՄԸՄի Շրջանայինէն)