ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Շուշիի մշակոյթի տան մէջ, 25 Փետրուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 130ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկը:
Աշխարհասփիւռ կառոյցներ ունեցող կուսակցութեան 130ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մեկնարկը ազդարարող հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգով եւ Դաշնակցութեան քայլերգով:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անցած ուղին, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ պետականութեան կերտման առումով անոր ունեցած պատմական դերակատարութիւնը արժեւորող ելոյթներով ու շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ամեակ նշելու օրը նաեւ հաշուետուութեան օր է, մանաւանդ այն կուսակցութեան համար, որ լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Արցախի ազատագրումէն ետք, ՀՅԴն բազմապատկեց իր գործունէութեան դաշտը ու ծրագիրները, որովհետեւ իր աշխարհասփիւռ համահայկական կառոյցով Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է աջակցիլ իր հայրենիքին ու հայութեան բազմաթիւ կարիքներու լուծման՝ միշտ ներառելով Հայաստանը, Արցախը, Սփիւռքը եւ Հայ Դատը։
Խօսելով Հայաստանի մասին՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Բարկացկոտ ու յեղափոխութեան պիտակի տակ ներքին պառակտումների տանող քաղաքականութիւնը պէտք է փոխարինուի հայրենի ժողովրդին եւ համազգային մակարդակով միասնականութիւն ստեղծելու միտումով, որպէսզի համախմբուած ճիգերով դիմագրաւենք Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներին»՝ աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը ճիշդին ճիշդ պիտի ըսէ, իսկ սխալին սխալ եւ ներկայացնէ այլընտրանքներ։ Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան համար Հայաստանի մէջ երիտասարդութեան ներգրաւումը, մտաւորականութեան համախմբումը, ժողովուրդին մէջ համերաշխութեան ստեղծումը եւ իսկական հանդուրժողականութեան ստեղծումը առաջնահերթութիւններ են, «որովհետեւ Հայաստանի մէջ մենք թշնամի չունինք, մեր թշնամիները Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն դուրս են»։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի վերաբերեալ Դաշնակցութեան շարունակական նախաձեռնութիւններուն, Սփիւռքի մէջ կուսակցութեան պետականակերտ դերակատարութեան՝ ներհամայնքային կեանքին մէջ։ Ան յիշեց նաեւ Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը, Հայ Դատի պայքարին մէջ ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդութեան ներգրաւումը (Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը տեսնել «Ասպարէզ»ի կայքին վրայ կամ մեր Շաբաթ օրուան թիւին մէջ)։
Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց ՀՅԴի 130ամեակը՝ հաստատելով, որ քիչ են այն կուսակցութիւնները, որոնք կրնան հպարտանալ, որ այսքան երկար տարիներու կենսագրական ունին։ Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայրենասիրութենէն, ազատատենչութենէն, հայ ժողովուրդին պահանջքով եւ լծուեցաւ անոր ծառայութեան ու պաշտպանութեան։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս կուսակցութիւնը կարողութիւն կ՛ունենայ տեսնելու իր եւ իւրաքանչիւր հայու երազի իրականացումը եւս՝ միացեալ, ազատ Հայաստան, Ցեղասպանութեան ճանաչում աշխարհով մէկ, ամուր հայրենիք եւ ապահով Սփիւռք։
Դաւիթ Իշխանեան ընդհանուր ակնարկ մը նետելով Դաշնակցութեան ծննդոցին, Հայաստանի մէջ անոր ունեցած դժուարութիւններուն՝ իր վտարումով, հաստատեց, որ ՀՅԴն հայրենիք վերադարձաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ պատրաստ է նուիրուելու հայրենիքի ազատագրութեան, պետականութեան կերտման, ճանապարհ հարթելու դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան։ Ըստ անոր՝ անկախութեան եւ ազատագրական պայքարին զուգահեռ, Դաշնակցութիւնը իր ողջ ներուժով մասնակցութիւն բերաւ նաեւ հայրենի պետականաշինութեան գործին՝ երբեմն իշխանութեան մաս կազմելով, երբեմն ալ հանդէս գալով իբրեւ ընդդիմութիւն, բայց միշտ ըլլալով կայունութիւն ապահովող վստահելի ոյժ։
Դ. Իշխանեան շեշտեց, որ ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ընկերվարութիւնը կարելիութիւն կու տան Դաշնակցութեան՝ ըլլալու ժողովուրդին կողքին. «Նա առաջամարտիկ է պատերազմի դաշտում, տնտեսական ճակատում, մշակոյթի ասպարէզում, հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներում», ըսաւ ան։ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման պէտք է ըլլալ միասնական, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթել եւ զարգանալ առանց զիջելու։ «Լինենք ազնիւ ու անաչառ, խոստովանենք, որ երբ մեզ լքել է միասնականութեան ոգին ու համախմբման ուժը, կրել ենք պարտութիւններ: Երբ պառակտուել ենք, չի ուշացել թշնամու հարուածը: Մեր հանրութիւնը մօտ է այդ եզրագծին: 30 տարիների ընթացքում մենք այսչափ մօտ չենք եղել պառակտման կարմիր գծերին: Համոզուած եմ, որ այս հանգրուանում եւս ազգային սթափ գիտակցութիւնը չի լքելու մեզ, եւ դա կախուած է իւրաքանչիւրիցս՝ անհատ առ անհատ, ընտանիք առ ընտանիք, կուսակցութիւն առ կուսակցութիւն», հաստատեց ան (Դաւիթ Իշխանեան արտասանած խօսքը տեսնել «Ասպարէզ»ի կայքին վրայ կամ մեր Ուրբաթ օրուան թիւին մէջ)։
Ձեռնարկը ճոխացաւ ազգային երգ ու պարով՝ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի ու պարի պետական համոյթին, անհատ երգիչներու կատարողութեամբ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՅԴի 130ամեակին նուիրուած փաստավաւերագրական ժապաւէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչներ, պետական այրեր ու հրաւիրեալներ: