ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, Վահագն Վերմիշեան հեռացուեցաւ քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն։ Այս մասին որոշում տրուեցաւ կառավարութեան նիստին: Հարցը չզեկուցուող նիւթերու շարքին էր:
Վահագն Վերմիշեան բանտարկուած է մեծաքանակ կաշառք ստանալու մեղադրանքով:
Քաղաքաշինութեան կոմիտէն շուրջ մէկ տարի ղեկավարած Վերմիշեան իրեն մտերիմի մը անունով հիմնած էր նախագծման աշխատանքներ իրականացնող ընկերութիւն մը եւ ուղղորդած իրեն դիմած կառուցապատողները՝ գործարքներ կատարելու այդ ընկերութեան հետ: Ըստ իրաւապահներուն՝ Վերմիշեան շինարարական աշխատանքներ տանող անձերու կամ կառուցապատող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեամբ անոնց օգտին կատարած էր գործողութիւններ կամ նպաստած էր որոշումները արագ տալուն՝ փոխարէնը Վերմիշեան 1-2.5 միլիոն դրամի գումար կամ այդ արժէքի կաշառք ստացած էր:
Բացի այդ, նախորդ Հոկտեմբերին, իր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին, համաձայնութիւն կնքած է քանի մը շինարարական ընկերութիւններու տէրերու հետ՝ «Հայաստանի վաստակաւոր շինարար»ի կոչման ներկայացնելու համար՝ իբրեւ կաշառք ստանալով 5000 տոլար գումար եւ շուրջ 2 միլիոն 300 հազար դրամի շինանիւթ։
Վահագն Վերմիշեանին առաջադրուած՝ կաշառք ստանալու վերաբերեալ քրէական գործով մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ 6 անձերու նկատմամբ: Դատարանին որոշումին հիման վրայ՝ անոնցմէ երեքին նկատմամբ խափանման միջոց ճդշուած է բանտարկութիւնը, 2 ամիս ժամանակով: