ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրք սիւնակագիր Օրհան Քեմալ Ճենկիզ 18 Փետրուար 2020ին յօդուած մը գրեց թրքական «Ալ-Մոնիթոր» կայքին վրայ՝ «Ինչո՞ւ Կիպրացի Թուրք Ղեկավարը «Թշնամի» Հռչակուած Է Թուրքիոյ Մէջ» վերնագիրով: Յօդուածին մէջ կը ներկայացուին Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական Կիպրոսի ղեկավարին միջեւ հակասութեան մանրամասնութիւնները:
1974ին Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումէն ի վեր, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ծախսած է միլիառաւոր տոլարներ եւ այնտեղ հաստատած թրքական հազարաւոր զինուորներ՝ իր դիրքերը կղզիին վրայ պահպանելու համար:
Վերջին ամիսներուն, թրքական լրատուական միջոցները հրապարակեցին Թուրքիոյ կառավարութեան եւ կիպրացի թուրք ղեկավարին միջեւ թշնամանքին մասին նիւթեր: «Թուրք պաշտօնեաները եւ քաղաքական գործիչները, որոնք կ՛այցելեն միայն Անգարայի կողմէ ճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը, Հոկտեմբերէն ի վեր մերժած են տեսակցիլ անոր նախագահին՝ Մուսթաֆա Աքինճիի հետ», կը գրէ Ճենկիզ:
Հակասութիւնը սկսաւ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, Հիւսիսային Սուրիա թրքական ներխուժման գծով, երբ Աքինճի համարձակեցաւ քննադատել Թուրքիոյ «սուլթանը»՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը. «Հիմա, եթէ նոյնիսկ մենք զայն (թրքական ներխուժումը Սուրիա) անուանենք «Խաղաղութեան ակունք» գործողութիւն, բայց թափուեցաւ ոչ թէ ջուր, այլ՝ արիւն: Այդ իսկ պատճառով իմ ամէնէն մեծ փափաքը այն է, որ երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը սկսին կարելի եղածին չափ արագ»:
Թուրքիոյ մէջ հարիւրաւոր թուրքեր բանտարկուած են Սուրիոյ վրայ թրքական ռազմարշաւը քննադատելնուն համար: Սուրիոյ մասին խօսելէ բացի, Աքինճի իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ Թուրքիոյ՝ Հիւսիսային Կիպրոս ներխուժելուն վերաբերեալ. «Թէեւ մենք եղածը կ՛անուանէինք «Խաղաղութիւն գործողութիւն», սակայն անիկա պատերազմ էր եւ արիւն թափուեցաւ 1974ին»:
«Համեմատութիւն կատարելով երկու ներխուժումներու միջեւ՝ Աքինճի ակնյայտօրէն կը փորձէ ըսել, որ օտար երկիրներու մէջ ռազմական գործողութիւնները յարատեւ հարցեր կը ստեղծեն, հետեւաբար, ան Թուրքիան հրաւիրած է Սուրիոյ մէջ այլ տարբերակներ նկատի ունենալու», կը գրէ Ճենկիզ:
Հակառակ անոր, որ Աքինճիի կողմէ թուրքական ռազմական ներխուժումներուն քննադատութիւնը բարի մտադրութեամբ եղած էր, Էրտողան, որ չի հանդուրժեր այլախոհութիւն, կատղեցաւ՝ յայտարարելով, որ Աքինճի «չափը անցուց» եւ աւելցուց, որ ընտրող զանգուածը շուտով անոր «լաւ դաս մը» պիտի տայ:
Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ նոյնպէս դատապարտեց կիպրացի թուրք ղեկավարը:
«Այդ ընթացքին, Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ, Աքինճի ստացաւ մահուան սպառնալիքներ, որոնց համար ան դատական քննութիւն պահանջեց», կը յայտնէ Ճենկիզ՝ աւելցնելով. «Աքինճիի խօսքերը զինք դարձուցին քաւութեան նոխազ Թուրքիոյ մէջ եւ աննախադէպ արձագանգներու ալիք յառաջացուց, ամէնէն դաժանը, որ երբեւէ տեսած է Հիւսիսային Կիպրոսի ոեւէ ներկայացուցիչ: Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելի կոչ ըրաւ Աքինճիին՝ անյապաղ հրաժարական տալու: «Աքինճի եւ անոր համախոհները պէտք չէ մոռնան, որ Կիպրոս թրքական է եւ թրքական կը մնայ», ըսաւ Պահչելի: Ան նաեւ առաջարկեց Աքինճիին՝ տեղափոխուիլ յունական Կիպրոսի հարաւը: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (AKP) խօսնակ Օմեր Չելիք յորդորեց Աքինճին՝ ներողութիւն խնդրել, իսկ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Հիւսիսային Կիպրոսի առաջնորդը «թշնամաբար կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ» եւ, որ իր կեանքին մէջ երբեք չէ տեսած «նման անազնիւ քաղաքական գործիչ մը»:
Բարձրագոյն քաղաքական գործիչներու այսպիսի տրամադրութեան պայմաններուն մէջ, իշխանամէտ թերթերը աւելի կոշտ դարձան: «Խաչակիրներու Աքինճին Պէտք Է Անյապաղ Հրաժարական Տայ», գրեց թերթերէն մէկը, իսկ ուրիշ մը յայտարարեց, որ Աքինճի «կարծես թշնամի» ըլլար:
«Այդ Թուրքիան է, որ կը վճարէ հաշիւները Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ՝ ուղղակի կամ անուղղակի դրամական օգնութեան միջոցով: Հետեւաբար, կիպրացի թուրքերը միշտ պէտք է երախտապարտ ըլլան Անգարայի: Թուրքիան «մայրն է», իսկ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը՝ անոր «զաւակը»: Ամէն բան, որ դուրս է այս ենթակայութեան գաղափարէն, կը վտանգէ սթաթուս-քօն (հաստատուած վիճակը-Խմբ.), իր յօդուածին մէջ կը բացատրէ Ճենկիզ:
6 Փետրուար 2020ին, «Կարտիըն» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Աքինճի նախզգուշացուց՝ «Կիպրոսի յունական եւ թրքական համայնքներուն մնայուն բաժանման վերաբերեալ, եթէ արագ համաձայնութիւն ձեռք չբերուի՝ «արդար» դաշնակցային լուծումով»: Աքինճի ըսաւ, որ ինք համաձայն չէ Էրտողանի տեսլականին հետ՝ Անգարայի եւ Նիկոսիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն առումով՝ իբրեւ մայր եւ երեխայ… Ես կ՛ուզեմ անկախ, եղբայրական յարաբերութիւններ», բացատրեց ան: Ան խոստովանեցաւ, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը պէտք է աւելին ընէ, որպէսզի իր տնտեսութիւնը աւելի քիչ կախուածութիւն ունենայ Թուրքիայէն, որ կը վճարէ կառավարութեան հաշիւները: Ասիկա ընելու համար, ինք աջակցութեան կարիք ունէր (յունական) հարաւէն, «Կարտիըն»ին յայտնեց Աքինճի:
Աքինճի, որ Չորեքշաբթի երեկոյեան (5 Փետրուար, 2020) սկսաւ վերընտրական իր քարոզարշաւը, ըսաւ, որ Կիպրոսի գրեթէ կէսդարեայ բաժանման միակ կենսունակ լուծումը վերամիացումն էր դաշնակցային «տանիքի տակ»… «Եթէ այդ մէկը տեղի չունենայ, Հիւսիսը հետզետէ աւելի կախուած կ՛ըլլայ Անգարայէն եւ վերջապէս կրնայ կուլ երթալ՝ իբրեւ թրքական փաստացի նահանգ», ըսաւ Աքինճի «Կարտիըն»ին։
Աքինճիի տեսլականը, զոր կը կիսեն կիպրացի բազմաթիւ թուրքեր, կոչ կ՛ընէ երկհամայնքային, երկտարածքային Կիպրոսի, քաղաքական հաւասարութեամբ եւ մէկ «իրաւաբանական անձով»: «Այդ տեսլականը հիմնուած է Կիպրոսի կղզիաբնակները ըլլալու ընդհանուր ինքնութեան, այլ ոչ թէ թուրք կամ յոյն ըլլալու վրայ», կը գրէ Ճենկիզ:
«Աքինճիի հաւանական մրցակիցը ընտրութիւններուն Էրսին Թաթարն է, Անգարայի բացայայտ կողմնակից ամբոխավար մը, որ դէմ է հարաւին հետ հաշտեցման: Թաթար՝ ներկայի վարչապետը, թեր է երկկողմանի լուծման: Ան մեծ աջակցութիւն կը վայելէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ նորաբնակներուն կողմէ, որոնք մեծ թիւով ժամանած են մայր ցամաքէն՝ փոխելով կղզիին կրօնական եւ մշակութային դիմագիծը», կը գրէ «Կարտիըն»ը:
«Ես չեմ պատրաստուիր երկրորդ Թայֆուր Սոքմէն մը ըլլալու», յայտնեց Աքինճի «Կարտիըն»ին՝ վկայակոչելով Հաթայի նախագահը, որ 1930ականներուն իր հանրապետութիւնը՝ նախապէս ֆրանսական հովանաւորութիւն ունեցող Սուրիոյ մէկ մասը հանրաքուէէ մը ետք միացուց Թուրքիոյ:
Թուրքիոյ եւ կիպրացի թուրք առաջնորդին միջեւ վէճը կը շեղէ Թուրքիոյ կառավարութեան ուշադրութիւնը շարք մը այլ լուրջ պայքարներէ, զորս Թուրքիա ունի Հայաստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի, Լիպիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ