Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբին բժիշկները առաւել քան 2 թոն ծանրութեամբ դեղօրայք ու բժշկական պիտոյքներ նուիրեցին Հալէպի հիւանդանոցներուն:
Սուրիական կողմը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց հայ բժիշկներուն եւ խումբի ղեկավարութեան այս նախաձեռնութեան համար, որ շարունակական բնոյթ կը կրէ՝ շեշտելով, որ բժշկական պիտոյքներու կարիք ունեցող հիւանդանոցներ շատ կան Հալէպի մէջ եւ հայ բժիշկներուն աջակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ մարդոց կեանքը փրկել: