
ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Փասատինա Նաու».- Հինգշաբթի, 27 Փետրուարի երեկոյեան, Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան հանրային նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ քաղաքին մէջ Մելգոնեան երկրորդական վարժարանը բանալու հարցը, ներկայութեամբ առաւել քան 200 քաղաքացիններու։
16 ելոյթներ ունեցողներէն 13ը ի նպաստ արտայայտուեցան ծրագիրին, արժանանալով ծափահարութիւններու։
Ծրագիրին վերապահութեամբ մօտեցող վարչութեան կարգ մը անդամներ յայտնեցին, թէ վերջերս հինգ վարժարաններ փակելու որոշումէն ետք, նոր վարժարան մը բանալու որոշումը կրնայ վիրաւորական նկատուիլ փակուած դպրոցներուն համար, նոյն ժամանակ նշելով, որ մինչեւ վերամուտ (17 Օգոստոս) ամէն ինչ պատրաստ ունենալու հեռանկարը դժուարամատչելի է։
Սակայն, նոյնիսկ այդ վարչականները կտրուկ կերպով չընդդիմացան եւ ընդհանրապէս աջակցեցան գաղափարին, իսկ վարչութեան փոխնախագահ Սքաթ Ֆելփս «պատմական առիթ» որակեց զայն։
Իր կարգին, վարչութեան հայազգի անդամ Ռոյ (Վրոյր) Պուլղուրճեան յայտնեց, թէ նեցուկ կը կանգնի ծրագիրին՝ աւելցնելով, որ քաղաքին մէջ հայկական վարժարան մը նպաստաւոր պիտի ըլլայ քաղաքի վարկին, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, յաւելեալ աշակերտներ ներգրաւելով։
Ցարդ, Մելգոնեան երկրորդական «չարթըր» վարժարանը յաճախելու պատրաստակամութիւն յայտնած են մօտաւորապէս 200 աշակերտներ։
Վարժարանին նախաձեռնած Melkonian Global Overture-ի նպատակն է ՀԲԸՄի կողմէ փակուած Մանուկեան վարժարանին ձգած բացը գոցել։ Վարժարանին համահիմնադիրներէն՝ Արսինէ Շիրվանեան եւս ելոյթ ունեցաւ քննարկումին ընթացքին, մանրամասնութիւններ ներկայացնելով ծրագiրին մասին։
Այժմ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի անձնակազմը դիմումը պիտի քննէ, որմէ ետք զայն ընդունելու կամ մերժելու առաջարկ պիտի ներկայացնէ վարչութեան։ Կ՛ակնկալուի անկէ ետք հանրային այլ քննարկում մը կազմակերպել։
Melkonian brothers will restoration is resurrection for closure.